Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական Յանձնաժողովի ընդլայնման եւ արեւելեան հարեւանութեան հարցերով գլխաւոր տնօրէնութեան ղեկավար Կերթ Եան Քուփմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը կարեւորած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ընդգծած է ՀՀ կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ խորացնելու եւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով: Վարչապետը ընդգծած է, որ ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը կը կառուցուի փոխադարձ յարգանքի, ընդհանուր արժէքներու եւ գործընկերութեան հիմքի վրայ, որու առանցքին ժողովրդավարութեան ամրապնդումն ու օրէնքի գերակայութեան ապահովումն են։
Կերթ Եան Քուփման իր հերթին բարձր գնահատած է Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով, որ ԵՄ կը դիտարկէ Հայաստանը որպէս վստահելի եւ արժանահաւատ գործընկեր։ Ան դրական գնահատած է վերջերս ՀՀ Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքը՝ նշելով, որ այդ կարեւոր ուղերձ է, որ կը վկայէ Հայաստանի եւրոպական ընտրութեան անկեղծութեան եւ հետեւողականութեան մասին։ Քուփման ընդգծած է, որ ԵՄ կ’ողջունէ ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը եւ պատրաստ է հետեւողականօրէն աջակցելու այդ գործընթացին՝ ընդլայնելով համագործակցութիւնը բոլոր այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի կայուն զարգացման ու քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման։
Զրուցակիցները հանգամանալից անդրադարձ կատարած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու ընթացիկ փուլին, այդ շարքին՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կիրարկման ընթացքին, տնտեսական եւ ոլորտային համագործակցութեան, թուայնացման, կանաչ ուժանիւթի, կրթութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
Այս ծիրին մէջ զրուցակիցները անդրադարձած են 2024 թուականին Պրիւքսէլի մէջ յայտարարուած Դիմակայունութեան եւ աճի ծրագի ներքոյ 2025-2027 թթ. համար նախատեսուող միջոցառումներուն՝ ընդգծելով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ աշխոյժ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող խնդիրներ, մասնաւորապէս, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին առնչուող հարցեր: