Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Պայմանագրի Ստորագրման Հարցով Գուցէ Լաւ Նորութիւններ Ըլլան. Միրզոյեան

Խաղաղութեան Պայմանագրի Ստորագրման Հարցով Գուցէ Լաւ Նորութիւններ Ըլլան. Միրզոյեան

by MassisPost

Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցով գուցէ յառաջիկային լաւ նորութիւններ ըլլան, «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան տեղեկացուցած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Հարցումին՝ կա՞ն բանակցութիւններ Պաքուի հետ, եթէ՝ այո՛, ապա անոնք Ատրպէյճանի նախապայմաններուն շո՞ւրջ են, արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանեց․ «Ամէն ինչ ասուած է, ըստ էութեան, թարմացնելու տեղեկատուութիւն այս պահին չկայ, մենք ինչպէս պատրաստ էինք վայրկեան առաջ սկսել խորհրդակցութիւններ, այնպէս էլ հիմա ենք պատրաստ: Ցաւօք սրտի, տարբեր յայտարարութիւններ ենք լսում ատրպէյճանական կողմից, առայժմ յառաջընթաց չկայ, բայց խօսակցութիւն կայ, եւ ինչպէս ցանկացած բանակցութեան դէպքում համբերութեամբ զինուենք, գուցէ յառաջիկայում լաւ նորութիւններ լինեն»։

Շուրջ երկու ամիս է հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրը համաձայնեցուած է, բայց Պաքուն անոր ստորագրման համար կը պահանջէ փոխել Սահմանադրութիւնը եւ լուծարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը:

Հարցումին՝ արդեօ՞ք Երեւանը այժմ Պաքուի հետ ա՛յս նախապայամններուն շուրջ կը բանակցի, նախարարը չպատասխանեց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment