Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 9-ին Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ ներկայ գտնուած է Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 80-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսին:
Մինչ այդ, Քրեմլին մէջ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին դիմաւորած է ՀՀ վարչապետը եւ զօրահանդէսին մասնակցելու համար Մոսկուա ժամանած այլ երկիրներու ղեկավարները։
Զօրահանդէսէն յետոյ երկիրներու առաջնորդները ծաղիկներ խոնարհած են անյայտ զինուորի յուշահամալիրին:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Կարմիր հրապարակին վրայ կայանալիք շքերթէն առաջ անձամբ ողջունած է օտարերկրեայ առաջնորդները՝ հրաւիրուած որպէս հիւրեր՝ նշելու Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին 80-ամեակը:
Փութին հերթով դիմաւորած է իր գործընկերները Քրեմլինի Զինանշանային դահլիճին մէջ եւ ձեռք սեղմած է իւրաքանչիւրին։ Պետութիւններու ղեկավարները փոխանակուած են ողջոյններով եւ միասին լուսանկարուած։
Ի պատիւ օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու ղեկավարներու ընթրիքին ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ոչ-պաշտօնական շփումներ ունեցած է արտերկրի գործընկերներու հետ: