ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով ներկայացուցած է Սերժ Սարգսեանի փեսայ, Վատիկանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանին առնչուող վարոյթէն որոշակի մանրամասնութիւններ:
Ան յայտնած է, թէ ինչ մեղադրանքներու մասին է խօսքը:
Ըստ դատախազին՝ Մինասեանին կը վերագրուի 76 դրուագ, 76 առանձին միաւոր, որոնց մէջ ներառուած են յանցաւոր կազմակերպութիւն ստեղծելն ու ղեկավարելը, առանձնապէս մեծ չափերով իւրացումներ ու պաշտօնի վերաբերեալ կեղծիքներ, փողերու լուացում, պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնիլը, ապօրինի իրաւաբանական անձ ստեղծել եւ այդ ընկերութեան միջոցով ապօրինի գործարքներ կատարել:
«Որպէսզի աւելի պատկերաւոր լինի, թէ ինչ գործունէութեան մասին է խօսքը, կարող եմ անուններ թուարկել. «Ռադիո» ՓԲԸ, այս ընկերութիւնը, ի դէպ, վերադարձուեց Հայաստանին ամբողջութեամբ, «Լեռէքս» ՍՊԸ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում, «Ջերմուկի» մայր գործարան ՓԲ ընկերութիւնը, «Սպայկա» ընկերութիւն, «Շանթ» հեռուստաընկերութիւնը, «Մեծ անիւ» անուան տակ գործող «Դարվ» ՍՊԸ, «Օպերես սյուիթ» հիւրանոց, «Եուքոմ» ընկերութիւնը՝ կապի ծառայութիւններ մատուցող, «Երեւան մոլ» ՍՊԸ, «Ռոսնեֆտ» ընկերութիւնը՝ վառելիքի վաճառքի հետ կապուած, «Տապլթրի» հիւրանոցը…
«Նշուած բոլորը վերաբերելի են փողերի լուացման գործով գումարներ իւրացնելու դէպքին: Լուացումը իրականացուել է փոխկապակցուած ընկերութիւնների միջոցով»,- ըսած է գլխաւոր դատախազը: