Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի Հետ Վերջին Շրջանին Բանակցութիւնները Երկկողմ Կ’ընթանան, Աշխատանքները Կը Շարունակուին. Գրիգորեան

Ատրպէյճանի Հետ Վերջին Շրջանին Բանակցութիւնները Երկկողմ Կ’ընթանան, Աշխատանքները Կը Շարունակուին. Գրիգորեան

by MassisPost

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին անդրադարձած է մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկութեան, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը զինադադարի խախտման հետ կապուած տեղեկութիւններ փոխանցած են իրարու։

«Հայաստանը խնդրել է դիւանագիտական ճանապարհով տուեալներ տրամադրել խախտումների վերաբերեալ, որոնց մասին Ատրպէյճանը յայտարարում է, նրանց մասին հետաքննութիւն է կատարել Հայաստանը եւ փոխանցել է Ատրպէյճանին բոլոր միջադէպերի վերաբերեալ։ Նաեւ ՀՀ յայտարարած խախտումների մասին, որ Ատրպէյճանն է կատարել, Հայաստանը տուեալներ է փոխանցել Ատրպէյճանին եւ ակնկալում է մանրամասն տուեալներ դրանց վերաբերեալ։ Ատրպէյճանը փոխանցել է տեղեկութիւններ, ըստ իրենց, կատարուած խախտումների վերաբերեալ. մենք հետաքննութիւն ենք կատարել, պարզուել է՝ ընդհանուր առմամբ խախտումներ չեն եղել»,- ըսած է ան։

Արմէն Գրիգորեան խօսած է նաեւ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ներկայ փուլի եւ միջնորդներու անհրաժեշտ ըլլալ-չըլլալու մասին, նշած՝ բանակցութիւնները հիմնականին մէջ կ’ընթանան երկկողմ, Համաձայնագրի բնագիրը համաձայնեցուած է, վերջնական փուլին մէջ. երբ բնագիրը կը համաձայնեցուէր, բանակցութիւնները երկկողմ եղած են:

ԱԽ քարտուղարին խօսքով՝ ապաշրջափակման մասով Երեւանի գրաւոր առաջարկներուն դեռ յստակ պատասխան չկայ։

«Պաքուի հետ բանակցութիւնները ստորագրման շուրջ են. բնագիրը համաձայնեցուած է, պէտք է բանակցենք ստորագրման տեղի եւ ժամի վերաբերեալ, հիմնական բանակցութիւնները սրա մասին են։ Քանի որ վերջին շրջանում բանակցութիւնները երկկողմ են ընթանում, եւ տեսնում ենք երկկողմ բանակցութիւններում արդիւնաւէտութիւն, մենք շարունակում ենք երկկողմ աշխատել»,- ըսած է Գրիգորեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment