Դատախազութեան մէջ վերլուծուած են 2018-2024 թուականներու ընթացքին ընթացիկ եւ աւարտած քրէական վարոյթներով, դատարաններուն մէջ աւարտած քրէական գործերով, պետական եւ համայնքային շահերու պաշտպանութեան հայցերով ու հաշտութիւններով, Զինուորական դատախազութեան կողմէ կիրառուած դատախազական ներգործութեան միջոցներով, իսկ 2023 թուականէն նաեւ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործիքակազմի կիրառման արդիւնքով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայնքներուն վերադարձուած գոյքերու եւ դրամական միջոցներու ցուցանիշները:
Ազգային Ժողովին մէջ իր ելոյթի ընթացքին ներկայացնելով Դատախազութեան 2024 թուականի գործունէութեան մասին հաղորդումը՝ այս մասին ըսաւ Գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը։
Անոր խօսքով՝ ըստ այդ ցուցանիշներուն՝ 2018-2024 թուականներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայնքներուն վերադարձուած է շուրջ 210 միլիառ 79 միլիոն դրամի (536 միլիոն 216 հազար տոլարի) գոյք եւ դրամական միջոց, որմէ 46%-ը կամ 96 միլիառ 934 միլիոն դրամի (247 միլիոն 773 հազար տոլարի) գոյքն ու դրամական միջոցը 2023 եւ 2024 թուականներուին:
«Մասնաւորապէս 2018 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ համայնքներին է վերադարձուել շուրջ 39 միլիառ 571 միլիոն դրամ: 2019 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ համայնքներին է վերադարձուել շուրջ 10 միլիառ 327 միլիոն դրամ: 2020 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ համայնքներին է վերադարձուել շուրջ 12 միլիառ 256 միլիոն դրամ: 2021 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ համայնքներին է վերադարձուել շուրջ 15 միլիառ 467 միլիոն դրամ։
«2022 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ համայնքներին է վերադարձուել շուրջ 35 միլիառ 522 միլիոն դրամ: 2023 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ համայնքներին է վերադարձուել շուրջ 44 միլիառ 298 միլիոն դրամի գոյք եւ դրամական միջոց: 2024 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ համայնքներին է վերադարձուել շուրջ 52 միլիառ 636 միլիոն դրամի գոյք եւ դրամական միջոց»,- մանրամասնեց Վարդապետեան։
Ըստ Գլխաւոր դատախազին՝ 2024 թուականին նախաքննական մարմիններուն կողմէ քննուած քրէական վարոյթներով արգելանք դրուած է 2 միլիառ 658 միլիոն 771 հազար դրամ արժողութեամբ գոյքի եւ դրամական միջոցներու վրայ: