«Հոկտեմբեր 27»-ի քրէական գործի քննութիւնը աշխոյժ նախաքննութեան փուլի մէջ է եւ կ’իրականացուի պատշաճ դատախազական հսկողութեան ներքոյ։
Ազգային Ժողովին մէջ այս մասին յայտնեց ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը՝ արձագանգելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի այն դիտարկման, թէ «Հոկտեմբեր 27»-ի գործով ընթացքին մանրամասնութիւնները դուրս մնացած են գլխաւոր դատախազի հաղորդումէն:
Աննա Վարդապետեանը պարզաբանեց՝ «Հոկտեմբեր 27»-ի գործին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն հաղորդման մէջ չէ ներառուած՝ հաշուի առնելով նախաքննութեան շահերը․ «Ես դիտաւորեալ չեմ պատասխանի ոչ մի բովանդակային հարցի, որպէսզի չվնասեմ քննութեանը»։
Ան նաեւ նկատեց՝ դատախազութիւնը կիսատ տեղեկատուութիւն չի հրապարակեր, քանի որ կիսատ տեղեկատուութեան հրապարակումը թոյլ կու տայ հասկնալ, թէ ինչ հնարաւոր զարգացում կրնայ ունենալ գործը․ «Հրապարակուած կիսատ տեղեկատուութիւնը թոյլ է տալիս հասկանալ, թէ ինչ հնարաւոր զարգացում կարող է ունենալ գործը, եւ անձինք ուղղակի անհետանում են Հայաստանի Հանրապետութիւնից, ու մենք չենք կարողանում նրանց նկատմամբ հետապնդում իրականացնել: Դրա համար նմանատիպ քննարկումները վնասում են»։