Մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Փաքիստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կասիմ Մոհիուտտինը:
«Սա շատ սխալ որոշում է: Նման որոշում կայացնելու փոխարէն հնդկական կողմը պէտք է նախաձեռնէ տարածաշրջանին մէջ յառաջացած լարուածութիւնը կարգաւորելու համար քայլեր»,- նշած է դիւանագէտը:
Նշենք, որ Ատրպէյճանը համերաշխութիւն յայտնած է Փաքիստանի ժողովուրդին եւ դատապարտած է Հնդկաստանի ռազմական գործողութիւնները։
Մայիս 7-ի գիշերը Հնդկաստանը հարուածներ հասցուցած է Փաքիստանին եւ Փաքիստանի կողմէ վերահսկուող Քաշմիրի շրջաններուն։ Հնդկաստանի բանակը յայտարարած է «Սինտուր» գործողութեան մեկնարկի մասին, որու թիրախին «Փաքիստանի ահաբեկչական ենթակառուցուածքներն են»։
Փաքիստանը պատասխանած է փոխադարձ հարուածներով, 48 ժամով փակած է իր օդային տարածքը եւ կործանիչները օդ հանած է։ Երկու կողմէն կան տուժածներ եւ զոհեր:
Այս սրումը տեղի ունեցած է այն բանէն յետոյ, երբ Հնդկաստանը Իսլամապատը մեղադրած է Ապրիլի վերջը հնդկական հողի վրայ զբօսաշրջիկներու վրայ կատարուած ահաբեկչութեան աջակցելու համար, որուն հետեւանքով զոհուած էր 26 մարդ: