Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայուն Հայրենական Մեծ Պատերազմը

Հայուն Հայրենական Մեծ Պատերազմը

by MassisPost

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան վրի­­ժառու բազուկը՝ «Նեմեսիս»-ով սկսած, իր շարունա­կու­թիւնը գտաւ կէս միլիոն հաշուող հայ ժողո­վուր­դի պանծալի զինուոր­ներու հա­րուած­ներով, որոնք հե­րոսաբար կռուեցան տարբեր ճակատներու վրայ՝ ծունկի բե­րե­լու Նացի Գերմանիան, որուն նախորդը՝ Կայսերական Գեր­մա­նիան, իր բացայայտ օգնու­թեամբ եւ մեղսակցութեամբ թուրքին տուաւ միջոցն ու կա­րելիութիւնը գործելու իր ահա­ւոր ոճիրը հայութեան դէմ:

Ֆրանսայի հայազգի հերոս ու Եղեռնի զաւակ Միսաք Մանուշեան երբ կը հարուածէր գերման ցեղապաշտ բանակը գրաւ­եալ Ֆրանսայի մէջ, գիտէր անպայման, որ իր տարաբախտ ազգին վրէժը կը լուծէր:

Խորհրդային բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորն ալ լաւ գիտէր, որ իր արիւնը ռազ­մա­ճակատի վրայ թափելով եւ յաղթանակ կերտելով՝ հեռու կը պահէր դահիճը անգամ մը եւս իր ոճիրը շարունակելու Արաքսի միւս ափին՝ Երեւանի մէջ:

Ու վիճելի չէ երբեք, որ հայ զինուորը Պերլինը գրաւելով՝ գերման պարտեալ բանակի մայ­րաքաղաքի սրտին վրայ իր քոչարի պարով մեր նահատակ ժողովուրդի մնացորդացին կեան­քը կ’ապահովէր ու անոր պատիւ կը շնորհէր:

Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է 600 հազար հայ, որոնց 300 հազարը եղած է Խորհրդային Հայաստանէն, 200 հազարը՝ Խորհրդային Միութեան այլ հանրապե­տու­թիւն­ներէ, եւ 100 հազարն ալ մարտնչած է հակահիթլերեան դաշինքի երկիրներու զօրքերուն մէջ:

200 հազար զոհ տուած իր զինուորներով Խորհրդային Հայաստանը պատնէշ կանգնեցաւ Թուրքիոյ ակնկալուող ներխուժումին դէմ, որ սահմանին միւս կողմը կեցած՝ կը սպասէր պար­տութիւնը Խորհրդային Միութեան:

Հպարտ էր հայը իր մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանով, զօրավար-մայոր Հա­մա­զասպ Բաբաջանեանով եւ յաղթական խորհրդային բանակին մէջ ծառայող մեծաթիւ սպա­նե­րով: Ուշագրաւ է այդ բանակի փայլուն հրամանատար մարաջախտ Կէորկի Ժուքովի գնա­հա­տականը հայ զինուորին, որ կ’ըսէ. «Հայ մարտիկները՝ զինուորէն մինչեւ մարաջախտ, իրենք իրենց ծածկած են քաջարի ռազմիկներու անթառամ փառքով»:

Այդպէս էր ճանչցուած հայ զինուորը՝ քաջ եւ հերոս բոլոր ժամանակներու մէջ: Խորհրդա­յին զօրքին մէջ համբաւ առած այդ զինուորներն ու իրենց զաւակներն էին, իրենց դասատու խորհրդային բանակի զօրավար-մայոր «Քոմանտոս»-ի՝ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի հմտու­թեամբ գործող ու շարժող, որոնք կրցան ազատագրել Արցախը՝ մեր բոլորին տալով ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ ԱԶԱՏԱԳՐԱԾ եւ յաղթանակ տարած ժողովուրդի պատկանած ըլլա­լու փառքն ու պատիւը:

Սակայն ազատ ու անկախ Հայաստանի 30 տարուան անհոգութեան եւ անճարակութեան հետեւանքով կորսնցուցինք այն բոլոր պատիւն ու փառքը, որ ստացուած էր Խորհրդային Հա­յաստանէն մեզի մնացած աւանդէն:

2020-ի պատերազմէն ու Արցախի կորուստէն ետք, ծուռ եւ կախ է մեր վիզը, ու մենք, դժբախտաբար, աշխարհի աչքին ուղիղ նայելու հպարտ հայը չենք այլեւս:

Կ’ըսուի թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ կա­յանալիք Հայրենական մեծ պատերազմի 80-ամեակի տօնակատարութեան: Ան պէտք է հոն իր վրայէն թօթափէ պարտեալի կերպարը եւ նախագահ Փութինի աչքերուն նայի ռուս ժողո­վուրդի յաղթանակին ծառայած 200 հազար զոհ տուած հայու աչքով, ու յիշեցնէ անոր, որ ե­րախտապարտ եղող ժողովուրդի մը ներկայացուցիչ ըլլալու հանգամանքին մէջ ան թերացած է եւ 200 հազար հայ զոհ զինուորի անէծքը կայ իր վզին:

Հայրենական մեծ պատերազմի աւարտը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 2 սեպտեմբեր 1945-ին, որմէ գրեթէ ամիս մը առաջ Ամերիկան աթոմական ռումբով հարուածած էր Ճափոնի Հիրոշիման (6 օգոստոս 1945) եւ Նակազաքին (9 օգոստոս 1945): Ամերիկան իր այդ ռումբերու գործածութեամբ ՍԱՍՏԵՑ յաղթական Խորհրդային Միութիւնը, որ կը պատրաստուէր Թուր­քիոյ վրայ յարձակիլ՝ ազատագրելու համար հայկական գրաւեալ հողեր Կարսն ու Արտա­հա­նը:

Եւ տակաւին հայրենասիրութիւն դաւանող բայց իշխանատենչ հայորդիներ 1945-էն ետք Ամերիկայի կողմը բռնեցին Պաղ պատերազմին ընթացքին… ազատութեան տենչով բռնկած եւ հայրենիքի շահը մոռցած:

Հայրենական մեծ պատերազմին հայուն տուած ներդրումը եղաւ յոյժ կենսական եւ կարե­ւոր՝ ազատելու մարդկութիւնը ճիրաններէն ճիւաղի մը, որ ազգերը կը սահմանէր որպէս «ըն­տիր» եւ «ստրուկ»: Ըստ կարգ մը հաւաստի աղբիւրներու՝ Հիթլերի Գերմանիան ռուս ժողո­վուրդը պիտի դարձնէր ստրուկ, եթէ յաղթանակ տանէր: Ի՞նչ պիտի դարձնէր արդեօք հայը, որ «ռուս ստրուկին» գիրկը նստած էր…:

Փա՜ռք Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի դափնի կրող հայ քաջարի եւ հերոս զինուորին եւ անոր ուղիով քալել ուզող ներկայ հայ բանակայինին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment