Յունաստան կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպած է Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմասի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Կիպրոս համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Սուրէն Պապիկեան եւ Վասիլիս Փալմաս անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերու: