Երբ կը հաւաքուինք միատեղ` որպէս հայեր ամբողջ աշխարհի, կանգ կ’առնենք` պատուելու եւ յիշատակելու մեր նախահայրերուն անչափելի տառապանքը: 1915 թուականին, աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր զոհ գացին. շատ քիչերը վերապրեցան մահուան դաժան երթերէն, որոնց միակ «յանցանքը » այն էր, թէ ով էին: Անոնք մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերն էին` մեր ինքնութեան արմատները:
Որպէս իրենց յաջորդող սերունդներ` անոնց յիշողութիւնը պահելը ոչ միայն մեր պատասխանատուութիւնն է, այլ նաեւ մեր սուրբ պարտականութիւնը: Մենք կը կրենք իրենց ոգին, տոկունութիւնը եւ ժառանգութիւնը: Յանուն արդարութեան պիտի շարունակենք մեր քարոզչական պայքարը անսասան նուիրուածութեամբ:
Մենք կը պատուենք մեր նահատակները ոչ միայն յիշատակով, այլ գործով: Անոնց յիշատակը կը մղէ մեզ` ապրելու նպատակի համար, անարդարութեան դէմ խօսելու եւ արժանապատւութեան ու մարդու իրաւունքներու արժէքները պաշտպանելու` ուր որ անոնք վտանգուած են: Ամէն տարի, այս օրը հանդիսաւոր յիշեցում մըն է` մենք պէտք է զգօն մնանք` ոչ միայն Հայութեան, այլ բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին հալածանքներու ներքոյ: Մեր վիշտը պէտք է միշտ վերածուի վճռականութեան:
Ահա թէ ինչու Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, թէ մենք պէտք չէ թողունք որ որեւէ կառավարութիւն` մասնաւորապէս Թուրքիոյ կառավարութիւնը, ժխտէ այն ինչ իրենց նախնիները կատարեցին: Եթէ նահանջենք, եթէ մոռնանք, եթէ չխօսինք, անոնք, որոնք օգտուեցան Հայոց Ցեղասպանութենէն, ուրախութեամբ պիտի շարունակեն վնաս հասցնել մեր ժողովուրդին եւ մեր պետականութեան:
Ահա նաեւ թէ ինչու չենք կրնար եւ չենք լռեր Ատրպէյճանի աճող ագրէսիայի դէմ: Այս մէկը քաղաքական հարց չէ` այլ մարդկային: Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը շարունակ կը յարձակի հայերու վրայ` հազարաւոր կեանքեր խլելով, ամբողջովին տեղահանելով Արցախի բնիկ հայ բնակչութիւնը, եւ շարունակելով ռազմական սադրանքներ Հայաստանի սահմաններուն վրայ: Ան կը պահէ հայ գերիներ կեղծ դատավարութիւններով, ազգապաշտական ատելութիւնը կը գործածէ որպէս քաղաքական գործիք, եւ հայ ժողովուրդը կը դարձնէ քաւութեան նոխազ` սեփական իշխանութեան ձախողութիւնները ծածկելու համար: Ամէն քայլափոխի Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը տարածէ ռասիստական քարոզչութիւն` ատելութիւնը ու հայատեացութիւնը վերածելով պետական քաղաքականութեան:
Այս մէկը միայն հայկական հարց չէ — այս մէկը համաշխարհային մարդու իրաւունքներու ճգնաժամ է:
Ահա թէ ինչու մենք կը հրաւիրենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային համայնքը գործելու` ոչ միայն ճանաչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ոչ միայն կրթելու ապագայ սերունդները, այլ արձագանգելու նաեւ այսօրուան անարդարութիւններուն: Ճանաչումը առանց գործողութեան բաւարար չէ: Պէտք է պահանջենք հաշուետուութիւն Ատրպէյճանի շարունակուող խախտումներուն համար: Պէտք է յաջողինք մարդասիրական օգնութիւն ապահովել տեղահանուած հայերուն ու ապահովել բոլոր գերիներու ազատ արձակումը, պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի կառավարութեան դէմ, եւ առանց վարանելու դատապարտել անոր բռնատիրական բնոյթը:
Ահա թէ ինչու Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, թէ մենք` որպէս հայեր` ո’ր անկիւնը ալ ապրինք աշխարհին, պէտք է շարունակենք մնալ միաւորուած: Պէտք է զօրացնենք Հայաստանը եւ անոր հաստատութիւնները, ամրացնենք մեր ժողովրդավարութիւնը, եւ ներդրում կատարենք մեր հայրենիքի ապագային մէջ: Պէտք է հզօրացնենք մեր երիտասարդները` կրթութեամբ եւ հպարտութեամբ, աջակցինք մեր զինուորներուն ու քաղաքացիական հասարակութեան, պաշտպանենք մեր մշակոյթը ու լեզուն, եւ կառուցենք կամուրջներ համաշխարհային հայ համայնքի միջեւ:
Միասնութիւնը լոկ նշանաբան չէ – այն մեր վահանն է: Մեր զօրութիւնը, որ կը բխի մեր պատմութենէն, մեր հաւաքական յիշողութենէն եւ մեր կամքէն` ապրելու եւ յառնելու: Երբ մէկ ձայնով կը խօսինք, մէկ սրտով կը գործենք, կը դառնանք անսասան: Մենք ուղերձ մը կը յղենք աշխարհին, թէ հայ ժողովուրդը անկոտրում է: Մեր վէրքերը չեն ջնջուիր: Մեր ինքնութիւնը երբեք չի լռեցուիր:
Եկէք յստակ ըլլանք` յիշատակը պէտք է դիմադրութեան վերածուի: Յիշողութիւնը պէտք է շարժում ստեղծէ: Մենք պարտական ենք անոնց` որ եկան մեզմէ առաջ, եւ ի պաշտպանութիւն անոնց` որ դեռ կը պայքարին – մենք պիտի ելենք, Պիտի դիմադրենք Եւ պիտի վերակառուցենք`Հայաստանի համար, Արցախի համար եւ բոլոր սերունդներուն համար` որ դեռ պիտի գան:
Բիւր յարգանք մեր նահատակներուն
Կեցէ Հայ ժողովուրդը