ՀՀ կառավարութեան Ապրիլ 30-ի նիստին ընդունուեցապ որոշում, որով փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարուեցան Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու ընկերային աջակցութեան տրամադրման ընթացակարգերուն մէջ։
Փոփոխութիւնները կը վերաբերին ՀՀ կառավարութեան 2024 թ. Նոյեմբեր 21-ի N 1833-Լ եւ 2025 թ. Ապրիլ 10-ի N 417-Լ որոշումներուն, որոնք կը սահմանեն ընկերային աջակցութեան միջոցառումներ տեղահանուածներու՝ կեցութեան եւ կենսապահովման ծախսերը հոգալու համար։
2025 թ. Ապրիլ 1-էն սկսեալ՝ աջակցութեան իրաւունքը տրուած էր այն տեղահանուածներուն, որոնք ունին 1-ին կամ 2-րդ խումբի հաշմանդամութիւն, ծանր շարժողական սահմանափակում, 63 եւ բարձր տարիք, կորսնցուցած են կերակրողը կամ կ’ուսանին հանրակրթական եւ մասնագիտական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ մինչեւ 18 տարեկան երեխաներուն։
Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու համար հաստատուած ընկերային ուղղուածութիւն ունեցող ծրագրերու լաւարկման վերաբերեալ առաջարկներու քննարկման համար կը պահանջուի որոշակի ժամկէտ՝ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է որոշման շրջանակին մէջ տրամադրուող աջակցութիւնը 2 ամիսով տրամադրած նաեւ թիրախ խումբերէն դուրս բոլոր միւս բռնի տեղահանուածներուն՝ միաժամանակ 2 ամիսով յետաձգելով կարիքաւորութեան հիմքով յաւելեալ ընկերային աջակցութեան տրամադրման ծրագրի գործողութիւնը:
Փոփոխութիւնները պայմանաւորուած են ծրագրերու արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով նախապատրաստուող բարեփոխումներով, որոնք կը պահանջեն յաւելեալ գնահատականներ եւ ժամկէտներ։
Ընկերային աջակցութեան միջոցառումները պիտի իրականացուին ՀՀ 2025 թ. պետական պիւտճէի շրջանակին մէջ՝ առանց յաւելեալ պիւտճէական ճնշման։
Խօսքը ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի հաշուով 50 հազար դրամի աջակցութեան ծրագրի մասին է։