Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայ Ոսկերչական Ընկերութեան Յատուկ Նախաձեռնութիւն – Մրցանք

Հայ Ոսկերչական Ընկերութեան Յատուկ Նախաձեռնութիւն – Մրցանք

by MassisPost

Հայ Մարմնամարզական Միութեան Լիբանանի շրջանի Հեծելարշաւի տարիներու Ախոյեան՝ Վազգէն Մէլիքեան  վերջերս մասնակցած է Հայ Ոսկերչական Ընկերութեան (Armenian Jewelers Association – AJA  ) կազմակերպած  համաշխարհային  մրցանքին՝ «Լաւագոյն  Տիզայն» խորագրով:

Սոյն մրցաշարքը` մեծ մասնակցութեամբ ` ընթացթ առած է Դեկտ. 2024-էն – Յունուար 2025  եւ  ընտրուած են հինգ հայեր` իրենց բացառիկ ճաշակին եւ  իւրայատուկ ստեղծագործութեան  համար:

Վազգէն Մէլիքեան , մարզիկ մը ըլլալու կողքին՝ Լիբանանի մէջ մասնագիտացած է ոսկերչական  «Տիզայն»ի մէջ  եւ արտադրած է յատուկ  կտորներ :

Այժմ ան կը բնակի Նիւ Ճըրսիի մէջ  եւ կ՛աշխատի Նիւ Եորքի անուանի ոսկերչական տան մը մէջ:

Կու գանք տեղեկացնելու նաեւ մնացեալ չորս  հայ  ընտրուողներուն  անունները .- Մայք Սահաճի, Կարէն Յովհաննէսեան, Վլատիմիր Մանուքեան, եւ Արմէն Շահինեան , որոնք նաեւ պիտի մասնակցին Ժընէւի մէջ կայանալիք հսկայ Ոսկերչական Ցուցահանդէսի մը :

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր հինգ հայ  ոսկերիչ – տիզայնըրներուն , որոնք անպայմանօրէն իրենց գործերով եւ նուաճումներով Մեր Հայ անունը  միշտ բարձր պիտի պահեն:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment