Էսթոնիա այցելութեան ընթացքին վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Պալթեան երկիրներու Հայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեանի հետ անաղմուկ չանցաւ Ընդդիմադիր շրջանակներ դժգոհ մնալով առաջնորդին խօսքերէն կը քննադատեն բարձրաստիճան հոգեւորականը, որ կ’աղօթէ Նիկոլ Փաշինեանի ծրագրերուն համար:
«Մեր աղօթքն է, որ, պարոն վարչապետ, Ձեր այն ծրագրերը, որ ունէք խաղաղութեան եւ մեր Հայաստանի հարեւանների հետ հաշտութեան, լինի յաջողութեամբ»,- Վազգէն արքեպիսկոպոսը այսպէս ողջունած է Թալլինի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վարչապետը,- «կը հրաւիրեմ բոլորին՝ մեր վարչապետի հետ միասին, աղօթքի»:
«Մեր աղօթքն է, որ որպէս եւրոպական երկրների հաւատացեալներ, քաղաքացիներ եւ առաջնորդ՝ մեր երկիրը դէպի Եւրոմիութիւն իր քայլերն անի»: Ռուսաստանի դաշնակից Հայաստանը քայլերը փոխի դէպի Եւրոպա: Որովհետեւ մեր քրիստոնէութիւնը եկել է իրականութեան մէջ արեւմուտքից՝ Տրդատ թագաւորը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, եւ համոզուած եմ, որ այն քաղաքակրթութիւնը, որ տեսնում եմ այստեղ, մեր երկրի ապագան այս քրիստոնէական գեղեցիկ միջավայրում է: Մեր աղօթքն է, որ այդ յաջողութիւնները լինեն, որ Հայաստանը նոյնպէս Մերձպալթեան երկրների պէս, դիցուք՝ Էսթոնիայի, կարողանայ խաղաղ համագործակցութեամբ մեր ժողովրդին լաւ, գեղեցիկ ապագայ ապահովել: Թող Տէրն օրհնի Հայաստանը, ողջ աւագանին, Ձեզ»:
Վազգէն արքեպիկոպոս Միրզախանեանի այս խօսքերը անարձագանգ չթողեց Փաշինեանի քաղաքականութիւնն ու ծրագրերը քննադատող Մայր Աթոռը: Թեմակալ առաջնորդին արտայայտած որոշ միտքեր եւ դատողութիւններ խիստ ենթակայական են, անհատական ու վերագրելի չեն Եկեղեցիին, պարզաբանած են Մայր Աթոռէն. «Որեւէ հարցի առնչութեամբ գնահատականներ հնչեցնելիս, յատկապէս երբ Եկեղեցու պաշտօնական դիրքորոշում առկայ չէ, եկեղեցականները որոշապէս պէտք է շրջահայեացություն եւ զգուշաւորութիւն դրսեւորեն թիւր մեկնաբանութիւնների տեղիք չտալու համար»:
Վազգէն արքեպիկոպոս Միրզախանեանը մէկ ամիս է Եւրոպաէ տեղափոխուած է: Երկար տարիներ Վրաստանի Հայոց թեմի առաջնորդն էր, հոգեւոր ծառայութիւնը այստեղ թողած է 2019 թուականին ու տեղափոխուած Մայր Աթոռ: