Home ՍՓԻՒՌՔ Աւստրալահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն 110-րդ Յիշատակը

Աւստրալահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն 110-րդ Յիշատակը

by MassisPost

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումի կեդրոնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7-ին՝ Չէցուտի Քոնքորս սրահին մէջ, ներկայութեամբ պետական մեծաթիւ անձնաւորութիւններու՝ դաշնակցային եւ նահանգային երեսփոխաններու, քաղաքապետական անձնաւորութիւններու, հայ երեք յարանուանութիւններուն եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Հայ աշակերտներ հանդիսութեան բացումը կատարեցին երգելով Աւստրալիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները, ապա Դինա Իւանեան եւ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ երիտասարդական դիւանի պատասխանատու ընկ. Անթոնի Կիւլվարդեան անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով արտասանեցին բացման խօսքը:

Ոգեկոչումի հանդիսութեան ընթացքին պահանջատիրական խօսք արտասանեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Մայքըլ Գօլօգօսեանը, իսկ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Արցախի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ զուգահեռներ գծեց Մեծ Եղեռնին ու Արցախի ցեղային զտումներուն ընթացքին թուրք-ատրպէյճանական յանցագործութիւններուն միջեւ,

Գեղարուեստական յայտագրի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցան Զէլլա Մարկոսեանն ու Ատանա խումբը՝ ներկայացնելով «Թռիչք» եւ Ատանայի Ողբը, իսկ Սայաթ Նովա նուագախումբը կատարեց Կոմիտասի «Երազ» եւ «Տունն իմ Հայրենի» երգերը:

Հանդիսութեան ընթացքին կարեւոր բաժին յատկացուած էր աւստրալացի ոչ հայ քաղաքական ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն: Այս ծիրին մէջ ներկաները հետեւեցան դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճէրոմ Լաքսալի ու Նիւ Սաութ Ուէլզի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Թիմ Ճէյմզի եւ Հուկ Մաքտէրմոթի ուղերձներուն, մինչ նահանգապետ Քրիս Մինսի զօրակցական պատգամը սփռուեցաւ տեսագրութեամբ:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչներուն միացեալ Պահպանիչով:

24 Ապրիլի առաւօտեան Սիտնիի առաջնորդանիստ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու՝ ներառեալ Աւստրալահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Պատարագիչն էր Տէր Աւետիս քահանայ Համբարձումեանը:

​Ապա, հաւատացեալները քայլերթով ուղղուեցան մօտակայ Պոշան այգի, ուր հաւաքուեցան այնտեղ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած խաչքարին շուրջ, ներակայութեամբ պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:

​Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեան, ապա կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրեց զետեղելու ծաղկեպսակները: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղեց Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի: Մատուցուեցաւ սրբադասուած նահատակներու բարեխօսական կարգ, ապա ելոյթներ ունեցան Ուիլըպիի շրջանէն նահանգային երեսփոխան Թիմ Ճէյմզը եւ Ուիլըպիի քաղաքապետ Դանիա Թէյլըր: Ոգեկոչումի այս հաւաքին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment