Միասնականութեան հզօր արտայայտութեամբ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ հազարաւոր Ամերիկահայեր համախմբուեցան նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը: «Ճշմարտութիւնը Պահպանուած, Արդարութիւնը Հետապնդուած» խորագիրով, ձեռնարկները յարգեցին 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը (1915-1923) եւ վերահաստատեցին համայնքի նուիրուածութիւնը՝ արդարութեան, պատասխանատուութեան եւ պատմական ճշմարտութեան:
Ձեռնարկները կազմակերպուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբի (AGC) եւ Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի (UACLA) կողմէ: Օրը համախմբեց հոգեւոր առաջնորդներ, ընտրուած պաշտօնեաներ եւ համայնքային գործիչներ, որոնք ընդգծեցին, որ միայն ճանաչումը բաւարար չէ. անոնք կոչ ուղղեցին շարունակական գործունէութեան՝ դիմագրաւելու ներկայ սպառնալիքները, ներառեալ 2023-ին Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ Արցախէն (Լեռնային Ղարաբաղ) հայերու էթնիկ զտումը:
«Ճանաչումը առաջին քայլն է միայն: Իրական արդարութիւնը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն եւ գործունէութիւն», ըսաւ Միհրան Խաչատուրեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) վարիչ Մարմինի ատենապետը: «Այսօր մենք կը յիշենք մեր նահատակները եւ միասնաբար կը պահանջենք արդարութիւն՝ ոչ միայն անցեալի յանցագործութիւններու համար, այլ նաեւ Արցախի մէջ հայերու դէմ շարունակուող վայրագութիւններուն համար»:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը սկսաւ կրօնական արարողութեամբ եւ ծաղկեպսակի զետեղման հանդիսութեամբ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յուշարձանին քով: կրօնական յարանուանութիւններու առաջնորդներ աղօթք բարձրացուցին, իսկ պաշտօնեաներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքի անդամներ ծաղիկներ զետեղեցան՝ զոհերու յիշատակին:
Երեկոյեան, համայնքը հաւաքուեցաւ Կլէնտէլի Քաղաքապետարանի դիմաց գտնուող Պարչըր Հրապարակին վրայ ժողովրդային հաւաքի : Ձեռնարկը յարգեց ոչ միայն 1915-1923 թուականներուն նահատակուածները, այլ նաեւ Հայաստանը եւ Արցախը պաշտպանող մարտիկները:
Հաւաքոյթը բացուեցաւ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու կողմէ դրօշակի արարողութեամբ, որին հետեւեցաւ Համազգայինի Երգչախումբի կողմէ կատարուած ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներու կատարումը:
Ելոյթ ունեցողները ընդգծեցին յիշողութեան եւ պաշտպանական գործունէութեան համատեղ անհրաժեշտութիւնը:
Ձեռնարկի հանդիսավար՝ Տէյվիտ Օքճեան, որ կը ներկայացնէր Ամերիկայի Հայկական Համագումարը, բացման խօսքով ստեղծեց յուզիչ, սակայն վճռական մթնոլորտ: Հիմնական բանախօսներ` Գէորգ Զօրեանն ու Լենա Յովհաննէսեանը, ելոյթ ունեցան հայերէնով եւ անգլերէնով՝ վերլուծելով օրուան պատմական նշանակութիւնը եւ շեշտելով շարունակական զգօնութեան անհրաժեշտութիւնը:
Կլէնտելի Քաղաքապետ Արա Նաճարեան նշեց, որ Ապրիլ 24-ը պէտք է ոգեշնչէ ոչ միայն մտածում, այլ՝ գործ։ «Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը միայն անցեալը յիշելու մասին չէ. ան արդարութեան, ճանաչման եւ նման վայրագութիւններու կանխարգիլման մասին է: Ճշմարտութիւնը չի կրնար թաղուիլ, եւ մենք կը վերահաստատենք մեր նուիրուածութիւնը՝ “այլեւս երբեք” յայտարարութեան», ըսաւ Նաճարեան:
Նահանգային ծերակուտական Սաշա Ռենէէ Փերեզն ու Խորհրդարանական Ժան Հայրապէտեանը վերահաստատեցին Քալիֆորնիոյ հաստատակամ աջակցութիւնը հայկական հարցերուն: Փերեզ դատապարտեց պատմութեան աղաւաղման շարունակական փորձերը՝ ըսելով. «Անկախ այն բանէն, թէ ինչ կը որոշէ դաշնակցային վարչակարգը կամ ինչ լեզու կը գործածէ, մենք երբեք չենք ծունկի գար թրքական ճնշման տակ»: Ան խոստացաւ, որ Քալիֆորնիան պիտի շարունակէ կանգնիլ յիշողութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան կողքին:
Ժան Հայրապէտեան ներկայացուց արդարութեան հասնելու աւելի լայն տեսլականը.
«Յաղթանակը միայն հաւաքոյթներ կամ ելոյթներ չէ: Յաղթանակը այն է, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ընդունին իրենց յանցագործութիւնները, կրթեն իրենց ժողովուրդը, վերադարձնեն Արցախը, ապահովեն հայերու վերադարձը իրենց հայրենիք՝ փոխհատուցումով, եւ պաշտպանեն Հայաստանի սահմաններն ու պատմական հողերը», ըսաւ ան:
«Մինչ այդ, մենք պէտք է ապրինք Ապրիլ 24-ը ամէն տարի, առանց դադարի, առանց մոռանալու, եւ ամէն օր պայքարելով արդարութեան համար»:
Ամերիկեան Ծերակոյտի Անդամ Շիֆ՝ Նորոգուած Նուիրումով
ԱՄՆ Ծերակոյտի անդամ Ադամ Շիֆ, որ երկար տարիներ պաշտպան եղած է հայկական հարցերուն, ազդեցիկ խօսքով դիմեց հաւաքուածներուն: Ան յիշեց իր տասնամեակներու ծառայութիւնը հայ-ամերիկեան համայնքին, եւ իր անձնական յարաբերութիւնները ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ:
Շիֆ ընդգծեց ԱՄՆ-ի պաշտօնական ճանաչման կարեւորութիւնը, սակայն զգուշացուց բարոյական հաւասարեցման եւ անգործութեան վտանգներուն դէմ:
«Ինչպէս երբ նահանգային սենատոր էի եւ երբ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ էի, այսօր ալ՝ ձեր ԱՄՆ սենատորի հանգամանքով, ես միշտ ձեր կողքին եմ կանգնած», յայտարարեց Շիֆը, խոստանալով շարունակել իր պաշտպանական գործունէութիւնը:
Ան կտրուկ կերպով դատապարտեց Ատրպէյճանի շարունակական բռնարարքները եւ ամերիկեան վարչակարգերու ձախողութիւնը՝ յանցագործներուն պատասխանատուութեան ենթարկելու մէջ՝ ցեղասպանութեան ժխտումը կոչելով «երկրորդ ցեղասպանութիւն», որ կը շարունակէ յարձակումը ժողովուրդի պատմութեան եւ գոյութեան դէմ:
Համայնքի Ուժն ու Դիմադրողականութիւնը
Սուզի Աթիթեան-Տամրոն, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի վարչութեան անդամ, որ կարեւոր դեր ունեցած էր օրուայ ձեռնարկներուն կազմակերպման մէջ, ընդգծեց հաւաքական յիշողութեան եւ գործի ուժը:
«Ամէն սերունդ կը կրէ ճշմարտութեան ջահը: Մեր ներկայութիւնը այստեղ այսօր յստակ պատգամ կու տայ. մենք պիտի չթոյլատրենք մեր պատմութեան ջնջումը, ոչ ալ մեր իրաւունքներուն խախտումը», ըսաւ ան:
Ձեռնարկներու աւարտին մասնակիցները անգամ մը եւս գիտակցեցան, որ յիշողութիւնը պէտք է միշտ զուգորդուի պաշտպանողական գործերով: Հայ-ամերիկեան համայնքը կը մնայ անդրդուելի՝ ճշմարտութիւնը պահպանելու, արդարութիւն հետապնդելու իր նուիրուածութեան մէջ: