Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ քրիստոնեայ պատգամաւոր Ճորճ Ասլանը խորհդարանին մէջ Ապրիլ 24-ի իր ելոյթին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է 1915-ին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերուն եւ միւս քրիստոնեաներու յիշատակին։
Ճորճ Ասլան իր ելոյթին մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն յիշեցուցած է, որ 1915-էն առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ապրած են 13 միլիոն մարդ, որմէ 3 միլիոնը՝ քրիստոնեայ, իսկ 2025-ին Թուրքիոյ մէջ կ’ապրի 50 հազար քրիստոնեայ։ Ան պահանջած է պարզաբանել, թէ ուր կորան 3 միլիոն քրիստոնեաները։ Ան պնդած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն պիտի ըլլայ այն ժամանակ, երբ այդ հարցումին ուղիղ պատասխանեն։