Նախագահ Թրամփի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան թոյլ «ոգեկոչումը» նուէր է ժխտողականներուն:
Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին գրած է ամերիկացի գոնկրէսական Ֆրենք Փելոն՝ անդարադառնալով փաստին, որ Տոնալտ Թրամփ, ի տարբերութիւն իր նախորդին՝ դեմոկրատ Ճօ Պայտընի, ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը չէ կիրառած եւ 1915-ի իրադարձութիւնները որակած է որպէս «մեծ Եղեռն»:
«ԱՄՆ-ի ճանաչումը պաշտօնական է եւ անշրջելի, բայց ցեղասպանութիւն բառն օգտագործելէ անոր հրաժարումը կը խարխլէ ճշմարտութիւնը եւ կ’անարգէ 1915-ի զոհերուն յիշատակը: Պատմութիւնը կը պահանջէ պարզութիւն, ոչ թէ վախկոտութիւն»,- գրած է Փելոն