ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան Ուաշինկթընի մէջ ընթացող Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան գարնանային հանդիպումներու շրջանակներուն մէջ քննարկումներ ունեցած է շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
Նախարար Յովհաննիսեան, մասնաւորապէս, հանդիպած է ԱՄՀ գործադիր տնօրէնի տեղակալ Պօ Լիի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ԱՄՀ պահեստային ծրագրի 5-րդ վերանայման արդիւնքները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած ՀՀ մաքրոտնտեսական իրավիճակին եւ ոլորտի վերջին զարգացումներուն:
Այնուհետեւ, Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի տնօրէն Ժիհատ Ազուրի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ԱՄՀ Տնտեսական եւ ֆինանսական քաղաքականութեան յուշագիրը, ինչպէս նաեւ ԱՄՀ-ի հետ յառաջիկայ ծրագրի հնարաւորութիւններն ու ուղղութիւնները:
Յուշագրին դեռեւս չհամաձայնեցուած հարցերուն շուրջ աշխատանքային քննարկումները շարունակուած են նաեւ ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչներու եւ ԱՄՀ առաքելութեան ղեկավար Իվա Փեթրովայի միջեւ: Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերած են նախանշուած գրեթէ բոլոր հարցերու շուրջ:
Իվա Փեթրովայի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին առիթով նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է վերջինիս կատարած անգնահատելի աշխատանքի, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ գործընկերութեան համար: