Համաշխարհային ռազմական ծախսերը 2024 թուականին հասած են 2,718 թրիլիոն տոլարի, ինչ որ 9,4%-ով աւելի է, քան 2023 թուականին։ Ատիկա տարեկան հաշուարկով ամենամեծ աճն է Պաղ պատերազմի աւարտի ժամանակներէն ի վեր: Այս մասին հաղորդած է Սթոքհոլմի խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը (SIPRI) նոր զեկոյցին մէջ։
Ինչպէս կը նշեն հիմնարկի փորձագէտները, ռազմական ծախսերը աճած են աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ, ընդ որում, առանձնապէս արագ աճ նկատուած է Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Հինգ երկիրներու՝ ԱՄՆ-ին, Չինաստանին, Ռուսաստանին, Գերմանիոյ եւ Հնդկաստանին, բաժին ինկած է ռազմական ծախսերու համաշխարհային ծաւալին 60%-ը, իսկ անոնց ընդհանուր ծախսերը կազմած են 1,635 թրիլիոն տոլար։
2024 թուականին ամենամեծ պաշտպանական ծախսեր կատարող 15 երկիրները բոլորն ալ աւելցուցած են այդ ծախսերը։ Համաշխարհային ՀՆԱ-ի՝ ռազմական կարիքներուն ուղղուող բաժինը 2024 թուականին աճած է մինչեւ 2,5%։
Եւրոպայի մէջ (ներառեալ Ռուսաստանը) ռազմական ծախսերը աճած են 17%-ով՝ մինչեւ 693 միլիարդ տոլար։
«Քանի որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակուի արդէն երրորդ տարին, ռազմական ծախսերը կը շարունակին աճիլ ամբողջ ցամաքամասին մէջ, ինչի հետեւանքով Եւրոպայի ռազմական ծախսերը կը գերազացեն Պաղ պատերազմին վերջը արձանագրուած մակարդակը։ Բոլոր եւրոպական երկիրները, բացառութեամբ Մալթայի, 2024 թուականին աւելցուցած են իրենց ռազմական ծախսերը»,- նշուած է զեկոյցին մէջ։
Ռուսաստանի ռազմական ծախսերը 2024 թուականին, SIPRI-ի գնահատմամբ, հասած են 149 միլիառ տոլարի, ինչ որ 38%-ով աւելի է, քան 2023 թուականին եւ կրկնակի կը գերազանցէ 2015 թուականի մակարդակը։ Անցեալ տարուայ ռազմական ծախսերուն ծաւալը կազմած է ՀՆԱ-ի 7,1%-ը եւ պետական պիւտճէի բոլոր ծախսերուն 19%-ը, կը նշէ հիմնարկը։
Ուքրանիոյ ռազմական ծախսերը 2024 թուականին աճած են 2,9%-ով՝ մինչեւ 64,7 միլիառ տոլար, ինչ որ հաւասար է Ռուսաստանի ռազմական ծախսերու 43%-ին։ Անոնք կազմած են ՀՆԱ-ի 34%-ը, ինչի պատճառով Ուքրանիան զբաղեցուցած է աշխարհի մէջ առաջին տեղը ռազմական ֆինանսական բեռի առումով, կը հաղորդէ SIPRI-ն։
ՆԱԹՕ-ի բոլոր անդամները 2024 թուականին աւելցուցած են իրենց ռազմական ծախսերը։ Դաշինքի երկիրներուն ընդհանուր ցուցանիշը կազմած է 1,506 թրիլիոն տոլար։
ԱՄՆ ռազմական ծախսերը 2024 թուականին աճած են 5,7%-ով եւ հասած 997 միլիառ տոլարի, ինչ որ կազմած է 2024 թուականին ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր ռազմական ծախսերուն 66%-ը եւ համաշխարհային ընդհանուր ծախսերուն 37%-ը։ ՆԱԹՕ-ի եւրոպական անդամները պաշտպանութեան համար ծախսած են, ընդհանուր առմամբ, 454 միլիառ տոլար, ինչ որ կը կազմէ դաշինքի ընդհանուր ծախսերուն 30%-ը։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական ծախսերը 2024 թուականին հասած են 243 միլիառ տոլարի, ինչ որ 15%-ով աւելի է, քան 2023 թուականին, եւ 19%-ով աւելի, քան 2015 թուականին։
Իսրայէլի ռազմական ծախսերը աճածեն 65%-ով՝ մինչեւ 46,5 միլիառ տոլար, ինչ որ դարձած է ամենախոշոր տարեկան աճը 1967 թուականի Վեցօրեայ պատերազմէն ի վեր։ Այդ, SIPRI-ի կարծիքով, կը բացատրուի Կազայի մէջ մարտական գործողութիւններու շարունակմամբ եւ Լիբանանի հարաւը շիիներու Հըզպալլա կուսակցութեան հետ հակամարտութեան սրմամբ։ Լիբանանի ռազմական ծախսերը աճած են 58%-ով՝ մինչեւ 635 միլիոն տոլար։
Իրանի ռազմական ծախսերը 2024 թուականին նուազած են 10%-ով՝ մինչեւ 7,9 միլիառ տոլար։
«Պատժամիջոցներուն ազդեցութիւնը Իրանի վրայ լրջօրէն սահմանափակած է ծախսերը մեծցնելու անոր հնարավորութիւնները»,- նշուած է SIPRI-ի զեկոյցին մէջ։
Չինաստանը, որ աշխարհի մէջ կը զբաղեցնէ երկրորդ տեղը ռազմական ծախսերու ծաւալով, 2024 թուականին անոնք աւելցուցած է 7%-ով՝ մօտաւորապէս մինչեւ 314 միլիառ տոլար։ Այդ երկրին բաժին կ’իյնայ Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ բոլոր ռազմական ծախսերուն 50%-ը։
Ճափոնի պաշտպանական ծախսերը աւելցած են 21%-ով՝ հասնելով 55,3 միլիառ տոլարի, ինչ որ ամենամեծ տարեկան աճն է 1952 թուականէն ի վեր: Ճափոնի ռազմական ծախսերը կազմած են ՀՆԱ-ի 1,4%-ը, ինչ որ ամենաբարձր ցուցանիշն է 1958 թուականէն ի վեր:
Հնդկաստանի ռազմական ծախսերը (մեծութեամբ հինգերորդը աշխարհի մէջ), հիմնարկին գնահատումներով, աճած են 1,6%-ով՝ մինչեւ 86,1 միլիառ տոլար: