Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը յայտնէ, որ ՊԵԿ պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած է 2025 թ. Յունուար-Մարտ ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ վճարուած հարկերու եւ վճարներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:
1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ 2025 թուականի Յունուար-Մարտ ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է աւելի քան 409 միլիառ 353 միլիոն դրամ, նախորդ տարուայ նոյն ցուցանիշը կազմած է 387 միլիառ 109 միլիոն դրամ կամ աւելի հաւաքագրուած է 22 միլիառ 244 միլիոն դրամ:
Հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 329 միլիառ 123 միլիոն դրամ, նախորդ տարուայ նոյն ցուցանիշը կազմած է 329 միլիառ 864 միլիոն դրամ։ Մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 80 միլիառ 230 միլիոն դրամ, նախորդ տարուայ նոյն ցուցանիշը կազմած է 57 միլիառ 244 միլիոն դրամ կամ աւելի հաւաքագրուած է շուրջ 22 միլիառ 986 միլիոն դրամ։
1000 մեծ հարկ վճարողներու վերաբերեալ ցանկը հասանելի է ՊԵԿ պաշտօնական կայքի «Տեղեկութիւն հարկ վճարողներու վերաբերեալ» բաժնի «Հարկ վճարողներու վերաբերեալ տեղեկատուական ցանկեր» ենթաբաժնին մէջ: