Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք 1,5 միլիոն մարդոց յիշատակին, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ տեղահանուեցան, կոտորուեցան եւ մահուան երթով անցան։ Այս մասին X-ի իր էջով գրած է Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Քամալա Հարիս՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով ուղերձ յղելով։
«Այս ողբերգութենէն 110 տարի անց մենք նաեւ կը խորհինք հայ ժողովուրդի ուժին եւ դիմացկունութեան մասին եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը՝ պայքարելու ատելութեան բոլոր դրսեւորումներուն դէմ»,- գրած է Հարիս։