Գանատայի վարչապետ, Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Մարք Քարնին ոգեկոչած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 1915 թուականի ոճրագործութեան զոհերուն եւ ուշադրութիւն հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղի հայերու շարունակական տառապանքներուն վրայ:
Մարք Քարնիի յայտարարութիւնը տարածած է Գանատայի Ազատական կուսակցութիւնը։
«Այս Ապրիլ 24-ին ես կը միանամ տասնեակ հազարաւոր գանատահայերուն եւ ամբողջ աշխարհի միլիոնաւոր հայերուն՝ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Ան նաեւ նշած է, որ 1.5 միլիոն հայեր սպաննուած են վայրագութիւններու ժամանակ, որոնք համակարգուած կերպով ծրագրուած եւ իրականացուած են Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։
«Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի տարելիցին առթիւ մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք անոնց, որոնք զոհուեցան եւ կը խորհինք անոնց պատմութիւններուն շուրջ, որպէսզի անոնք երբեք չմոռցուին»,- նշած է Գանատայի վարչապետը։
Վերջինս նաեւ աջակցութեան խօսքեր յղած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն՝ շեշտելով, որ անոնք քաջութիւն ունեցած են յաղթահարելու իրենց կեանքի անհաւանական դժուարութիւններն ու կառուցելու իրենց համայնքներն ու հիմնարկները։
Մարք Քարնի խստօրէն դատապարտած է Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ ընդգծած է պատմական անարդարութիւններու ճանաչման կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ շարունակական մտահոգութիւններու լոյսին տակ։
«Չնայած 110 տարի անցած է, այս Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ աշխուժօրէն ժխտուիլ զայն իրականացուցած յանցագործներուն կողմէ, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ բախիլ հալածանքներու եւ ճնշումներու: Այդ ողբերգականօրէն դրսեւորուեցաւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 120.000 բնիկ հայերու բռնի տեղահանմամբ ամիսներ տեւած անօրինական շրջափակումէ յետոյ, որ զրկեց զանոնք իրենց ամենահիմնարար իրաւունքներէն։ Այս կարեւոր օրը յիշատակելով մենք կը յիշենք անոնք, որոնք զոհուեցան եւ կը պարտաւորուինք կառուցել աւելի ուժեղ, աւելի հանդուրժող Գանատա, որ զերծ է խտրականութենէ եւ ատելութենէ»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։