Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 110-Ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան

110-Ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան

by MassisPost

110 տարի առաջ, Ապրիլեան այս օրերուն ծայր առաւ Հայ ժողովուրդի զանգուածային տեղահանումը ու ցեղասպանութիւնը, որ կանխամտածուած ու կազմակերպուած էր Երիտասարդ Թուրքերու ազգայնամոլ կառավարութեան կողմէ, խլելով շուրջ երկու միլիոն հայերու կեանքն ու զիրենք արմատախիլ ընելով դարաւոր հայրենիքէն ու պապենական հողերէն:

110 տարիներէ ի վեր Հայ ժողովուրդը կ’ապրի այդ սարսափելի իրադարձութիւններու յիշողութեամբ, որ դրոշմուած կը մնայ իւրաքանչիւր Հայու  մտքին ու հոգիին մէջ: Վերապրողները կարողացան պատմութեան այդ սարսափելի օրերու պատկերները փոխանցել սերունդէ-սերունդ: Ողբի ու  սուգի տարիներուն յաջորդեցին ճանաչումի համար պայքարի ու պահանջատիրութեան ժամանակաշրջան, որուն ընթացքին  աշխարհի քաղաքակիրթ երկիրներն ու միջազգային կառոյցները ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, իսկ  մեր թիրախին կը մնայ  Թրքական կառավարութիւնը, որպէսզի ան առերեսուիր իր պատմութեան սեւ էջերուն հետ ու ինք եւս ճանչնայ Հայութեան դէմ գործադրած ոճիրները:

Երկար տարիներ թրքական իրարայաջորդ կառավարութիւնները վարեցին  անտեսումի քաղաքականութիւն, խորհելով, թէ այդպիսով կրնան մոռացութեան մատնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Երբ ճանաչման արշաւը ստացաւ մեծ թափ ու տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, ան անցաւ իրողութիւնները ժխտելու ու մերժումի քաղաքականութեան: Այդուհանդերձ, վերջին տարիներուն գտնուեցան խումբ մը թուրք մտաւորականներ որոնք ընդուելով Հայութեան դէմ տեղի ունեցած անարդարութիւնը, ամէն Ապրիլ 24-ին սկսան հաւաքուիլ հրապարակներու վրայ` պարզած ցեղասպանութեան զոհ` Հայ մտաւորական նահատակներու նկարները:

Թուրքիան մինչեւ օրս կը շարունակէ իր թշնամական վերաբերմունքը Հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի նկատմամբ: 44-օրեայ պատերազմը ու ապա Արցախի ամբողջական հայաթափումը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ ու անմիջական մասնակցութեամբ:  Ան կը շարունակէ Հայաստանը պահել շրջափակման  մէջ, իսկ տարիներէ ի վեր շարունակուող Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները կը մնան ապարդիւն:

Աշխարհն այսօր կ’ենթարկուի նոր դասաւորումներու, որոնց լոյսին տակ Հայաստան սկսած է վարել բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն`  կարողանալ յաղթահարելու համար իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները ու երկիրը հեռու պահելու նոր վտանգներէ:  Բոլորիս պարտաւորութիւնն է համախմբուիլ Հայաստանի պետականութեան շուրջ, որպէսզի  ներքին համերաշխութեամբ կարողանանք դիմակայել Հայրենիքին սպառնացող բոլոր վտանգները: Ապրիլ 24-ի օրը լաւագոյն առիթն է խոկումի ու  գիտակցութեան գալու, որ հաւատարիմ պէտք է մնանք մեր նահատակներու պատգամին, որ մեզ կը թելադրէ ու կը պարտաւորեցնէ ըլլալ համախմբուած ու միասնական:

Թրքական պետութիւնը մնալով անպատիժ, նախընթաց ստեղծեց այլ ժողովուրդներու դէմ գործադրուած զանգուածային սպանութիւններուն: Հայութիւնը իր ձայնը բարձրացնելով կը պաշտպանէ ո’չ միայն ի’ր իրաւունքները, այլ եւ աշխարհի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներու  տառապանքներուն վրայ: Ազգովին շարունակենք մեր պայքարը` յանուն մարդկային իրաւունքներու ու յանուն արդարութեան:

Բիւր յարգանք մեր բոլոր նահատակներուն

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment