Վարչապետ Փաշինեան կը դատապարտէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները այրելը: Վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան, պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումին, փոխանցած է Նիկոլ Փաշինեանի վերաբերմունքը Ապրիլ 23-ին ՀՅԴ կազմակերպած ջահերով երթին ժամանակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները այրելու առնչութեամբ։
«Վարչապետ Փաշինեանը դատապարտում է գործելակերպը՝ այն համարելով անպատասխանատու եւ անընդունելի։ Միջազգայնօրէն ճանաչուած պետութեան, առաւել եւս հարեւան պետութիւնների դրօշների այրումը պետութեան ղեկավարի կողմից չի կարող այլ վերաբերմունքի արժանանալ։ Դա սադրիչ եւ հրահրող գործելակերպ է»,- նշած է Բաղդասարեան։
Մամուլի քարտուղարը յաւելած է, որ միեւնոյն ժամանակ վարչապետ Փաշինեան կը դատապարտէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Սիւնիքի մարզի Խոզնավար գիւղի բնակելի տան ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի խախտումները եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ քննութեան առնելու այդ դէպքերը եւ հանդէս գալու պարզաբանումներով։
Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած էին Սիւնիքի մարզի Խոզնավար բնակավայրին ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով վնասուած է բնակելի տուն, յայտնած էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ տուժածներ չկան: