Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Ապրիլքսանչորսեան Ուղերձ Յղած Է

Էրտողան Ապրիլքսանչորսեան Ուղերձ Յղած Է

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առնչութեամբ հանդէս եկած է ուղերձով՝ հերթական անգամ խուսափելով Ցեղասպանութիւն անուանելէ 1915 թուականին եւ անկէ յետոյ Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնները։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանին ու տեղի հայ համայնքին յղուած իր ուղերձին մէջ, որ ընթերցուած է Սթամպուլի Ֆերիքյոյի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին, Էրսողան, կրկնելով նախորդ տարիներուն բնագիր, նշած է, թէ «օսմանցի հայերը զոհուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ»։

«Անոնք, որոնք փորձեցին պատմութենէն թշնամանք ստեղծել, խզել մեր միջեւ եղած ուժեղ կամուրջներն ու կապերը, մինչ օրս չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին»,- ուղերձին մէջ ըսած է Էրտողան։ Ան նշած է՝ «մենք պէտք է ապագան կառուցենք միասին՝ հաւատացած ըլլալով, որ անցեալի յիշողութիւնները պէտք չէ գերի դարձնեն ներկան ու ապագան»։

Ի հեճուկս անցնող տարիներու ընթացքին հայ համայնքի անդամներու դէմ իրականցուած յարձակումներուն եւ խտրական վերաբերմունքին՝ Թուրքիոյ նախագահը բացառած է հայ համայնքի անդամներուն նկատմամբ խտրականութեան դրսեւորումները։

«Այս միտքերով ես վերստին անկեղծօրէն կը կիսեմ անցեալին հայ համայնքին կրած ցաւերը եւ յարգանքով կը յիշեմ օսմանեան քաղաքացիները, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը»,- կ’ըսուի Էրտողանի ուղերձի եզրափակիչ հատուածին մէջ։

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը՝ Ապրիլ 24-ին ուղերձով հանդէս կու գայ 2012 թուականէն ի վեր։ Մինչ օրս Թուրքիոյ ղեկավարը կը հրաժարի ընդունել էՀայոց ցեղասպանութեան փաստը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment