Թուրք յայտնի մտաւորական, պատմաբան Թաներ Աքչամ կը կարծէ, որ հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր, հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքի սպանութենէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ շատ բան փոխուած է, մարդիկ սկսած են աւելի շատ խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կատարուած են յիշատակի արարողութիւններ, ինչ որ հոգեբանական յաղթանակ է անոնց համար, որոնք այսօր ալ Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար՝ իշխանութիւններուն կոչ ընելով նաեւ առերեսուելու պատմական իրողութիւններուն հետ։
Այս օրերուն Երեւան գտնուող Թաներ Աքչամ այդ մասին ըսաւ իր հեղինակային գիրքի («Ցեղասպան պետութեան ակունքները») շնորհահանդէսին ժամանակ։
«Եթէ կ’ուզէք հիմնել ժողովրդավարական երկիր եւ այնպիսի հասարակութիւն, ուր կը յարգուին մարդու հիմնարար իրաւունքները, ապա անհրաժեշտ է նախեւառաջ ընդունիլ սեփական սխալները, առերեսուիլ պատմական իրողութիւններուն ու փաստերուն հետ, որքան ալ որ անոնք ըլլան ցաւոտ եւ անպատուաբեր, հակառակ պաարգային որեւէ ժողովրդավարական ապագայ չի կառուցուիր, այլ տարբերակ պարզապէս չկայ»,- ըսաւ Աքչամ։
Անոր պնդմամբ՝ Թուրքիոյ մէջ պէտք է սորվին աւելի լայնօրէն խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ուսումնասիրեն եւ իմանան այդ մասին, որովհետեւ այդ անհրաժեշտ է նախեւառաջ ներդաշնակ ու խաղաղ հասարակութիւն ձեւաւորելու, ինչու չէ, նաեւ հանգիստ ապրելու համար։ Աքչամի վկայակոչմամբ՝ քրիստոնեաները, մասնաւորապէս հայերը այսօր Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին երկակի կեանքով։ Դուրսը անոնք կը խուսափին ի ցոյց դնել իրենց ազգութիւնը, կը խրտնին տարաբնոյթ հարցերու հանրային քննարկումէն, կը վախնան եւ կը քօղարկեն իրենց ծագումնաբանութիւնը, բայց տան մէջ կ’ապրին բոլորովին այլ կեանքով։ Թէեւ Աքչամ այս պահուն չի տեսներ մէկ այլ ցեղասպանութեան հաւանականութիւն, սակայն անոր կարծիքով՝ մտահոգիչ երեւոյթները իրօք անհանգստութեան տեղիք կու տան։
«Հրանդ Դինքի սպանութենէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ շատ բան փոխուած է։ Մինչեւ այդ յանցագործութիւնը եղած են բազմաթիւ ազգայնական հրապարակումներ, բայց մենք արդէն որոշակիօրէն յաջողութիւն արձանագրած ենք մեր հոգեբանական պայքարին մէջ։ Այո՛, այսօր ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ մէջ դարձած է պետական քաղաքականութիւն, եւ այդ առումով կը գործէ ամբողջ արդիւնաբերութիւն մը, սակայն իշխանութիւնը արդէն կորսնցուցած է իր հիմքերը սեփական հասարակութեան մէջ։ Օրինակ, քիւրտերուն չէք համոզեր, որ հայերու ցեղասպանութիւն չէ եղած»,- նշեց թուրք մտաւորականը։
Ան տեղեկացուց, որ անցեալ տարի Նիւ Եորքի մէջ թրքական կառավարութիւնը կազմակերպեց մեծ համաժողով հետեւեալ խորագրով՝ «Կը խնդրենք լսել նաեւ մեզի»։ Փաստօրէն այն կառավարութիւնը, որ ցեղասպանութեան մասին գրող թուրք մտաւորականները կը քաշքշէր դատարանէ դատարան, հիմա կ’աղերսէ, որ լսեն նաեւ իր տեսակէտը։
«Միջազգային ասպարէզին մէջ թրքական իշխանութիւնները կորսնցուցած են բոլոր հեղինակաւոր հարթակները, ուր կրնան խօսիլ հայերու ցեղասպանութեան ժխտման մասին։ 2000-ական թուականներուն ես նոյնպէս կ’ենթարկուէի յարձակումներու նոյնիսկ ԱՄՆ-ի մէջ, երբ պարբերաբար կը մասնակցէի համաժողովներու եւ կը ներկայացնէի զեկոյցներ միայն ոստիկանութեան պաշտպանութեան ներքոյ։ Չնայած այդ խոչընդոտներուն, ամերիկեան համալսարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն փաստագրուած եւ անժխտելի իրողութիւն է»,- հաւաստիացուց Աքչամ։
Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս այն մարդիկ, որոնք կը գիտակցին, որ իսկապէս կատարուած են յանցագործութիւններ, սկսած են ազատ արտայայտել իրենց միտքերը։ 2011-15 թուականներուն բազմաթիւ քաղաքներու մէջ նշած են Հայոց ցեղասպանութեան հերթական տարելիցը։
«Ես գիտեմ միայն մէկ բան։ Մեզի կը մնայ շարունակ պայքարիլ։ Կայ ասացուածք՝ ազատութիւնը ազատ չէ։ Եթէ կ’ուզես արդարադատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն, յարգանք մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ, ապա անոնք անվճար արժէքներ չեն եւ ազատօրէն մարդոց չեն տրուիր, հետեւաբար դուք պէտք է վճարէք անոր համար։ Թուրքիոյ մէջ կան բաւականին շատ մարդիկ, ովքեր պատրաստ են վճարելու այդ գինը»,- եզրափակեց Աքչամ։