Ազգային Ժողովի նիստին ժամանակ տեղի ունեցավ միջադէպ ընդդիմադիր եւ իշխանական պատգամաւորներուն միջեւ, հասնելով նոյնիսկ ձեռնամարտի:
Երբ եզրափակիչ ելոյթի համար ամպիոնին մօտեցաւ իշխանական Բաբկէն Թունեանը, լեզուակռիւ սկսաւ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի ու դաշնակցական Արծուիկ Մինասեանի միջեւ, որմէ յետոյ արդէն դահլիճին մէջ նստած իշխանական ու ընդդիմադիր պատգամաւորներէն ոմանք գործի դրին ձեռքերը:
Խորհրդարանին մէջ անկէ առաջ ընդհանուր մթնոլորտը լարուած էր «Ցեղասպանութիւնը, Արարատը ուրանալու» փոխադարձ մեղադրանքներու պատճառով: Վէճէն ու քաշքշուկէն առաջ դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած էր, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, նսեմացումը եւ արդարացումը քրէականացնող օրինագիծ շրջանառութեան մէջ դրած է: Իշխանական խմբակցութեան քարտուղար Հայկ Կոնջորեան այս յայտարարութենէն յետոյ դաշնակցականները մեղադրեց ցեղասպանութիւնը Եղեռնէն երեք տարի անց ուրանալու մէջ, ընդդիմութեան նախագիծն ալ «երեսպաշտութիւն» որակեց:
Արսէն Թորոսեան իր հերթին հրապարակեց Քրէական օրէնսգիրքի դրոյթը, որով Ցեղասպանութեան հերքումը արդէն իսկ քրէականացուած է՝ շեշտելով, որ ընդդիմութիւնը կ’առաջարկէ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ աւելցնել դրոյթ մը, որ արդէն կայ։ «ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքը արդէն ունի Յօդուած 136՝ «Ցեղասպանութիւնը կամ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը, քարոզելը կամ անոնց վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը»։ Դաշնակցութիւնը ձեռնամուխ եղած է հերթական ստոր շահարկումին՝ փորձելով շահարկել մեր ժողովուրդին սրբագոյն յոյզերը։ Անոնք կ’առաջարկեն Քրէական օրէնսգիրքին մէջ աւելցնել դրոյթ մը, որ արդէն կայ, որպէսզի, երբ մեր կողմէ մերժուի այդ բացարձակապէս աւելորդ նախաձեռնութիւնը, մեզ մեղադրեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու, «թուրք» կամ «դաւաճան» ըլլալու մէջ։