Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Ցաւակցած Է Հռոմի Պապի Մահուան Առիթով

Նիկոլ Փաշինեան Ցաւակցած Է Հռոմի Պապի Մահուան Առիթով

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի մահուան առիթով։  Այս մասին նշուած է ՀՀ վարչապետի X-ի էջով կատարուած գրառման մէջ։

«Խորապէս ցաւում եմ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի մահուան կապակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետի՝ խաղաղ եւ արդար աշխարհ ունենալու ակնառու առաջնորդութիւնը չի կարող մոռացուել։ Ցաւակցում եմ աշխարհի բոլոր հաւատացեալներին այս մեծ կորստի համար»,- նշած է վարչապետ Փաշինեան։

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի մահուան առիթով ցաւակցած էր նաեւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment