Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր։
Զրուցակիցներն անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, ընդ որում՝ կարեւորելով երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցումը։
Նախարար Միրզոյեան շեշտած է համաձայնագրի ստորագրման կարեւորութիւնը: Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին առնչութեամբ Հայաստանի կողմէ հնչած մօտեցման։
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է Հարաւային Կովկասի՝ որպէս իւրայատուկ խաչմերուկի՝ մեծ ներուժն ու տարանցիկ հնարաւորութիւններէն օգտուելու ժամանակի հրամայականը: «Հենց այս ընկալումն է դրուած ՀՀ կառավարութեան կողմից մշակուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրի հիմքում»,- յաւելած է նախարար Միրզոյեան։
Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։
ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը հանդիպած է նաեւ ՀՀ վարչապետին հետ: Սինիրլիօղլու յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը ԵԱՀԿ-ի համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն, եւ կառոյցը պիտի շարունակէ նպաստել խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման: ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը ողջունած է այդ ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման նպատակով:
Զրուցակիցները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հնարաւորինս շուտ ստորագրման յոյս յայտնած են: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու գործընթացին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումներուն՝ շեշտելով, որ խաղաղութեան օրակարգը ՀՀ Կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է:
Իր հերթին, Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու նշած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու մեծ հնարաւորութիւններ կան եւ պէտք է զանոնք իրացնել:
Պաշտօնական Պաքուն եւ Երեւանը Մարտ 13-ին յայտարարեցին խաղաղությեան համաձայնագրին վրայ աշխատանքները աւարտելու մասին։ Երեւանը համաձայնագիրը ստորագրելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ, Պաքուն՝ պայմաններ յառաջ կը քաշէ՝ «Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային նկրտումներ պարունակող» Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, Ղարաբաղեան հարցով տարիներ շարունակ զբաղուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարում:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ պատրաստ է Մինսքի խումբի լուծարման գործընթաց սկսիլ: Փաշինեան Ատրպէյճանին կ’առաջարկէր հակամարտութեան կարգաւորման կառոյցի՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարումն ու Խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրել միաժամանակ: