Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿ-ի Վեհաժողովը Ռուսական Յարձակումը Դատապարտող Բանաձեւի Նախագիծ Ընդունած Է․ ՀՀ-ն Կողմ Քուէարկած Է

ՄԱԿ-ի Վեհաժողովը Ռուսական Յարձակումը Դատապարտող Բանաձեւի Նախագիծ Ընդունած Է․ ՀՀ-ն Կողմ Քուէարկած Է

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովը ընդունած է «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Եւրոպայի Խորհուրդին միջեւ համագործակցութիւն» վերնագրով բանաձեւ նախագիծ 105 կողմ, 9 դէմ եւ 33 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Բանաձեւը, ի թիւս այլնի, կը դատապարտէ ՌԴ-ի յարձակումը ընդդէմ Ուքրանիոյ:

Հայաստանն ու Վրաստանն այս բանաձեւի նախագիծին կողմ քուէարկած երկիրներու ցանկին վրայ են, Ատրպէյճանը ձեռնպահ մնացած է:

Լիւքսեմպուրկի եւ Լիթուանիոյ նախաձեռնած 12 էջնոց բանաձեւին մէջ երկու անգամ կը յիշատակուի Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի յարձակումը՝ մէկ անգամ նախաբանին եւ մէկ անգամ հիմնական բնագրին մէջ։

Բանաձեւի նախագիծին դէմ քուէարկած են ՌԴ-ն, ԱՄՆ-ն, Պելառուսիան, Կորեայի Ժողովրդական Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը, Էրիթրեան, Մալին, Նիքարակուան, Նիկերը, Սուտանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment