Խումբ մը արցախցիներ հաւաքուած էին Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան դիմաց եւ հանդիպում կը պահանջէին Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ: Անոնք կը պահանջէին աջակցիլ իրենց, որպէսզի «թալանը վերադարձուի»:
Լրագրողներու հարցումին, թէ որմէ՞ կը պահանջեն թալանը վերադարձնել, բողոքի շարժումը առաջնորդողներէն Արթուր Օսիպեան պատասխանեց, որ Արցախի մէջ գործող հիմնադրամներու, նախարարութիւններուն միջոցով տարբեր կլորիկ գումարներ տրուած են տարբեր յայտնի եւ անյայտ մարդոց, ու իրենք կը պահանջեն, որ այդ ցուցակները հրապարակուին:
Կարճ ժամանակ անց դուրս եկաւ Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը եւ Արցախի ներկայացուցչութեան դիմաց պատասխանեց հաւաքուածներու հարցումներուն:
Բողոքին մասնակիցները կ’առաջարկէին միասին երթալ դատախազութիւն: Շահրամանեան ըսաւ, որ Երկուշաբթի պատրաստ է ընդունելու իրենց, քննարկելու եւ միասին դատախազութիւն երթալու:
«Մենք դէմ չենք որեւիցէ հրապարակումների: Սա իր մէջ պարունակում է որոշակի գաղտնիք, նաեւ անձնական տուեալների պաշտպանութեան հարց կայ, կայ հարցն, որ յարուցուած են քրէական վարոյթներ եւ այդ շրջանակներում տարւում է նախաքննութիւն: Մենք չենք ուզում խանգարել այդ նախաքննութեան»,- ըսաւ Շահրամանեան:
Արցախի մասնակցիները կը պնդեն, որ քաղաքական որեւէ կողմնորոշում չունին, հաւաքուած են ընկերային հարցեր հնչեցնելու: Անոնք նշեցին, որ ընկերային աջակցութենէն զրկուած են, եւ այս պահին Հայաստանի մէջ ապրող մարդիկ պիտի կանգնին աղքատութեան առջեւ, պէտք է իրենց աջակցին եւ կը յորդորէին Շահրամանեանին իրենց հետ դուրս գալ փողոց:
Սամուէլ Շահրամաեանը յայտնեց, որ նպատակայարմար չի համարեր իրենց հետ փողոց դուրս գալը: Ընդգծեց, որ այդ հարցերուն պատասխանը ինք չի կրնար տալ ու անոնք ամբողջութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ընելիքներն են՝ յորդորելով հարցերը ուղղել Հայաստանի կառավարութեան:
Արցախի յեղափոխական կուսակցութեան նախագահ Արթուր Օսիպեանը ու Նահապետ Սարգսեանը հիմնականին մէջ հարցումներ կ’ուղղէին Շահրամանեանին:
Մինչ Սամուէլ Շահրամանեան դուրս կու գար բողոքի մասնակիցներուն մօտ՝ փոքրիկ ընդհարում եղաւ, աքթիւիսթները սկսան վիճիլ լրագրողներուն հետ՝ յայտարարելով, թէ «ձեր հարցերը բարեկիրթ չեն» եւ այլն: Տարակարծութեան խնդիր յառաջացաւ նաեւ հաւաքուածներուն մէջ. արցախցիներէն մէկը կը յորդորէր Արցախի զօրավարները չներկայացնել որպէս թալանչիներ: Իսկ միւսները կը նշէին՝ «ասում ենք այն, ինչ լսել ենք եւ ուզում են դրանց հերքումը կամ հաստատումը լսել հէնց Շահրամանեանից»:
Արցախի վերջին նախագահը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ալ նշեց՝ «հիմա բոլորին մեղադրում են թալանի մէջ, բայց դա պէտք է ստանայ իրաւական գնահատական»: