«Հայաստան-Ատրպէյճան նոր սրացում ու նոր պատերազմ չի լինելու, մոռացէ՛ք այդ մասին»:
Ազգային Ժողովին մէջ իր եզրափակիչ ելոյթին այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ շարունակելով.
«Լինելու է խաղաղութիւն։ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ճանաչել են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանների անխախտելիութիւնը, ուժի ու ուժի սպառնալիքի կիրառման անթոյլատրելիութիւնը»:
ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ գործող բոլոր ուժերուն եւս մէկ անգամ կոչ ըրած է ըլլալու ծայրայեղ պատասխանատու, չընելու յայտարարութիւններ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը հակասեն այս տրամաբանութեան։ Անոր խօսքով՝ այժմ ընձեռուած առիթը երբեւէ չէ եղած, իսկ վտանգները, որ կան այսօր, եղած են միշտ, սակայն չեն եղած այդ վտանգները չէզոքացնելու քայլերը:
«Պաշտօնապէս յայտարարում եմ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը չի անելու յայտարարութիւններ ու գործողութիւններ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի հակասում են այս տրամաբանութեանը կամ կասկածի տակ են դնում այս տրամաբանութիւնը»,- ըսած է ան՝ ատրպէյճանական կողմին կոչ ընելով նոյն կերպ վարուելու։
Վարչապետին փոխանցմամբ՝ հարաւային Կովկասի պատմութեան նոր էջը պէտք է բանալ Ատրպէյճանի հետ միասին, ու Հայաստանը պատրաստ է միաժամանակ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին կառոյցները լուծարելու մասին Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ դիմումը՝ ուղղուած ԵԱՀԿ-ին։