Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պայրամով Անթալիոյ Մէջ Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումը Բաւական Օգտակար Համարած Է

Պայրամով Անթալիոյ Մէջ Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումը Բաւական Օգտակար Համարած Է

by MassisPost

Պաքուն հանդէս կու գայ երկխօսութեան եւ առկայ հարցերը քննարկելու օգտին՝ յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը Սլովենիոյ արտաքին գործերու նախարարի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին:

Ան յաւելած է՝ Անթալիոյ մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումը բաւականին օգտակար էր:

«Այն կարեւոր էր, քանի որ առաջինն էր Խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի համաձայնեցումէն յետոյ»,- ընդգծած է ան:

Պայրամով կրկնած է՝ համաձայնագիրը ստորագրելու համար հարկաւոր է, որ Մինսքի խումբը լուծարուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment