Նախագահ Տանոլտ Թրամփ վերադառնալով Սպիտակ Տուն սկսաւ ստորագրել մեծ թիւով նախագահական հրամանագիրեր` մէկ մասը օրինական, մեծ մասը հակաօրինական, որոնք մերժուեցան դատարաններու կողմէ:
Թրամփի ամենէն աղմկայարոյց հրամանագիրները կը վերաբերին տարբեր երկիրներէն ներմուծուող ապրանքներու վրայ հաստատուած մաքսատուրքերուն, որոնց նպատակը, ըստ նախագահին, ներքին արտադրութեան խթանումը եւ Ամերիկեան ընկերութիւններու արտասահմանի մէջ հաստատուած գործարանները ետ վերադարձնելն է:
Բացի Թրամփի շուրջ եղող խորհրդականներէն, տնտեսագէտներու մեծամասնութիւնը, ներառեալ պահպանողական մտածողութիւն ունեցողները, այն կարծիքին են, որ մաքսատուրքերը վնասակար են ընդհանուր տնտեսութեան համար եւ Ամերիկացի սպառողները իրենք է որ պիտի վճարեն այդ տուրքերը:
Թրամփի որոշումները քաոսային վիճակ ստեղծեցին յատկապէս բաժնեթուղթերու շուկաներուն վրայ: Միլիոնաւոր քաղաքացիներ իրենց խնայողութիւնները կը շահագործեն թոշակային հաշիւներու մէջ ու մէկ օրէն միւսը անոնք ականատես եղան իրենց հարստութեան աւելի քան 10 տոկոսի կորուստին:
Այս տագնապալի օրերուն, Թրամփ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ իր առած քայլերը զուրկ են տրամաբանութենէ: Ան նախ մաքսատուրքեր սահմանեց Գանատայի եւ Մեքսիքայի դէմ, ապա շատ չանցած յետաձգեց անոնց գործադրութիւնը ու մի քանի շաբաթ ետք վերականգնեց զանոնք: Նոյնը պատահեցաւ երբ Թրամփ յայտարարեց «ազատութեան օր» ու աշխարհի բոլոր երկիրներէն ներմուծուող ապրաքները ենթարկեց տարբեր չափի մաքսատուրքերու: Չինաստանի դէմ այդ տուրքերը հասան 145 տոկոսի: Մի քանի օր ետք Թրամփ դարձեալ փոխեց իր միտքը եւ նոր սահմանուած մաքսատուրքերը առկախեց 90 օրով, բացի Չինաստանի պարագային: Շատ չանցած ան նոր որոշում կայացուց, էլեկտրոնիք սարքերը ու ինքնաշարժները դուրս հանելով մաքսատուրքերու ենթակայ ապրանքներու ցանկէն:
Այժմ մտավախութիւնը այն է, որ տարբեր երկիրներ պատասխան մաքսատուրքերով պիտի հակադարձեն Թրամփի որոշումներուն` մեծ վնասներու ենթարկելով Ամերիկեան ընկերութիւնները: Գանատան արդէն իսկ սկսած է այդ ընել` արգիլելով յատկապէս Ամերիկեան ոգելից խմիչքներու վաճառքը իր երկրի տարածքին: Ասոր կողքին գանատացիք զայրացած են իրենց երկիրը, որպէս 51-րդ նահանգ Ամերիկային կցելու վերաբերեալ Թրամփի խօսքերէն: Անոնք սկսած են զանգուածային պոյքոթ Միացեալ Նահանգներու դէմ, առաջին հերթին իրենց արձակուրդային այցելութիւններուն համար նախընտրելով աշխարհի այլ ուղղութիւններ:
Միւս կողմէ, Եւրոպան եւս դժգոհ Թրամփի վարած տնտեսական քաղաքականութենէն սկսած է բանակցիլ Չինաստանի հետ` առեւտրային նոր ու ընդարձակ համաձայնութիւննր կնքելու նպատակով: Այլ երկիրներ, առաջին հերթին Ճափոնը, կը ծրագրէ իր միլիառաւոր տոլարներու գումարները դուրս հանել Ամերիկայէն ու զանոնք շահագործել այլ երկիրներու մէջ:
Թրամփի ընտրութեան մեծապէս նպաստեցին սղաճի դէմ պայքարի մասին իր տուած խոստումները: Սակայն, տնտեսագէտները այժմ կը նախատեսեն գիներու աւելի արագ բարձրացումը: Նոյն շրջանակները կը զգուշացնեն, որ մաքսատուրքերու որոշումները վերատեսութեան չենթարկելու պարագային Ամերիկայի տնտեսական անկումը կրնայ դառնալ անխուսափելի: Գործարար շրջանակներու համար կարեւոր են յստակ տնտեսական քաղաքականութիւն ու ապագայի նկատմամբ վստահութիւն: Ասոնք այժմ կը պակսին Թրամփի Ամերիկային մօտ ու այսպէս շարունակուելու պարագային Միացեալ Նահանգները դատապարտուած է կորսնցնելու միջազգային տնտեսութեան մէջ իր ունեցած տիրապետողի դիրքը` հրապարակը զիջելով նոր խաղացողներու, յատկապէս Եւրոպական Միութեան ու Չինաստանին:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»