Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Քաղաքացիները Ռուսաստանի Եւ Պելառուսիոյ Միջեւ Սահմանը Արդէն Կրնան Հատել Նաեւ Ցամաքային Փոխադրամիջոցով

Հայաստանի Քաղաքացիները Ռուսաստանի Եւ Պելառուսիոյ Միջեւ Սահմանը Արդէն Կրնան Հատել Նաեւ Ցամաքային Փոխադրամիջոցով

by MassisPost

2025 թուականի Ապրիլ 15-ի նիստին Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի վարչութիւնը հաւանութիւն տուած է ռուս-պելառուսական սահմանով ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու քաղաքացիներու տեղաշարժի սահմանափակման հետ կապուած խոչընդոտի վերացման. խօսքը Հայաստանի, Ղազախիստանի, Ղրղզիստանի քաղաքացիներուն մասին է։

Ինչպէս կը հաղորդէ ԵՏՅ մամուլի ծառայութիւնը, 2025 թուականի Յունուար 11-ին ուժի մէջ մտած է Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Պելառուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ վիզաներու փոխադարձ ճանաչման եւ այլ հարցերու մասին համաձայնագիրը՝ կապուած օտարերկրեայ քաղաքացիներու եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու՝ Միութեան ստեղծման մասին պայմանագրին մասնակից պետութիւններու տարածքներու մուտքին հետ։

Ռուսաստանը եւ Պելառուսիան Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովին տեղեկացուցած են, որ Հայաստանի, Ղազախիստանի եւ Ղրղզիստանի քաղաքացիները ներկայիս գործնական հնարաւորութիւն ունին մուտքի եւ ելքի Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Պելառուսիոյ միջեւ օգտագործուող միջազգային երկաթուղային եւ օդային, ինչպէս նաեւ Համաձայնագրի յաւելուածին մէջ թուարկուած ցամաքային երթուղիներով։

Նախապէս Հայաստանի, Ղազախիստանի եւ Ղրղզիստանի քաղաքացիները Ռուսաստան կրնային մուտք գործել Պելառուսիայէն եւ հակառակ ուղղութեամբ միայն օդային ճանապարհով։ Հաշուի առնելով երկու երկրին աշխարհագրական դիրքը՝ սա թանկ էր եւ ոչ միշտ յարմար: Համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելով՝ Հայաստանի, Ղազախիստանի եւ Ղրղզիստանի քաղաքացիները կրնան հատել պելառուս-ռուսական սահմանը ինչպէս ինքնաշարժով, այնպէս ալ երկաթուղային ճանապարհով։

ԵԱՏՄ-ի մէջ վերացուած է քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժման խոչընդոտներէն մէկը, յայտնած են Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովէն, յիշեցուցած, որ վերջերս ուժի մէջ մտած է Ռուսաստանի եւ Պելառուսիոյ միջեւ վիզաներու փոխադարձ ճանաչման մասին համաձայնագիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment