Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքը Բռնագանձելու Օրէնքը Սահմանադրական Է. ՍԴ-ն Հրապարակեց Որոշումը

Ապօրինի Ծագում Ունեցող Գոյքը Բռնագանձելու Օրէնքը Սահմանադրական Է. ՍԴ-ն Հրապարակեց Որոշումը

by MassisPost

Աւելի քան 10 օր մնալով խորհրդակցական սենեակին մէջ` ՍԴ-ն սահմանադրական ճանչցաւ ընդդիմադիրներուն վիճարկած օրէնքը, որով դատախազութիւնը ապօրինի կ’որակէ քաղաքացիներուն ունեցուածքը ու կը դիմէ դատարան՝ զանոնք պետութեան օգտին բռնագանձելու:

Բարձր դատարանը իր եզրակացութեան մէջ, սակայն, երկու մեկնաբանութիւն ըրած է օրէնքի 5 րդ եւ 24-րդ յօդուածներուն վերաբերեալ: Ըստ այդմ, դատարանը եզրայանգած է, որ բռնագանձման ենթակայ է այն գոյքը, որ պաշտօնեան ձեռք բերած է պաշտօնը ստանձնելէ յետոյ, ինչպէս նաեւ՝ այն գոյքը, որ կապ ունի յանցանքի հետ:

Մնացած դրոյթները բարձր դատարանը ճանչցած է Սահմանադրութեան համապատասխանող:

Որոշման, այդ շարքին` ՍԴ երկու մեկնաբանութիւններուն աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնան անոր հրապարակումէն յետոյ:

Սահմանադրական դատարանը երկու տարիէ աւելի կը քննէր, որ արդեօք Փաշինեանի օրօք ընդունուած «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը կը համապատասխանէ՞ Սահմանադրութեան: Դատարանէն ամիսներ շարունակ չէին պարզաբաներ, թէ ինչու իրենց քննութեան ընթացքին չեն կասեցուցած օրէնքի կիրառումը, այնինչ այս ընթացքին դատախազութիւնը կը շարունակէ մէկը միւսին ետեւէն բողոքներ ուղարկել դատարան, պահանջել ապօրինի որակել անցած 30 տարիներուն ունեցուածք կուտակածներու, այդ շարքին՝ նախկին պաշտօնեաներու գոյքն ու փողերը:

Մինչեւ օրս կայացուած 12 վճիռներով պետութեան վերադարձուած է աւելի քան 17 միլիոն տոլար։ Անցած տարիներուն դատարան ուղարկած են 136 հայցադիմում՝ աւելի քան 527 միլիառ դրամի, նաեւ 270 շարժական, 1381 անշարժ գոյքի բռնագանձման պահանջով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment