Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 18 Կողմ, 0 Դէմ. Վարդան Ղուկասեան Ընտրուեցաւ Կիւմրի Համայնքի Ղեկավար

18 Կողմ, 0 Դէմ. Վարդան Ղուկասեան Ընտրուեցաւ Կիւմրի Համայնքի Ղեկավար

by MassisPost

«Կոմունիստական Կուսակցութիւն» խմբակցութեան թեկնածու Վարդան Ղուկասեան Կիւմրիի աւագանիի առաջին նիստին 18 կողմ, 0 դէմ ձայնով ընտրուեցաւ համայնքի նոր ղեկավար:

Վերջինս վստահ էր իր ընտրուելու հարցով, նախքան ձայներու հաշուարկը՝ կատակներ կ’ընէր եւ պատմութիւններ կը պատմէր, կը խոստանար որ ամէն ինչ հրաշալի պիտի ըլլայ, Կիւմրին «մատով ցոյց տալու» քաղաք պիտի դառնայ:

Քուէարկութեան արդիւնքները պարզ դառնալէ յետոյ Ղուկասեան ծափահարութիւններու ներքոյ վերահաստատեց, որ պիտի աշխատի «հաւատքով», կառավարութեան եւ իշխանութեան հետ պիտի պահէ կապը, ինք «այդպէս դաստիարակուած է» եւ «կը սիրէ հայրենիքը», խօսքի վերջն ալ Թումանեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը ասմունքեց:

Վարդան Ղուկասեանի երդմնակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 19-ին՝ժամը 11:00-ին, քաղաքապետարանի նիստերու դահլիճին մէջ:

Նշենք, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը ամբողջ կազմով բացակայած է նիստէն, ինչին մասին Սարիկ Մինասյանը յայտարարութիւն տարածած էր:

Նիստի մեկնարկին «Մեր քաղաքը», «Իմ հզօր համայնք» եւ «Մայր Հայաստան» դաշինքներու ներկայացուցիչները, հանդէս գալով կարճ խօսքով, վերահաստատած են, որ թեկնածու պիտի չառաջադրեն եւ պիտի քուէարկեն «Կոմունիստական Կուսակցութիւն» խմբակցութեան թեկնածուի՝ Վարդան Ղուկասեանի օգտին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment