Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Փարիզը Մեղադրած Է «Կեղծաւորութեան» Մէջ

Պաքուն Փարիզը Մեղադրած Է «Կեղծաւորութեան» Մէջ

by MassisPost

Արձագանգելով Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի յայտարարութիւններուն պաշտօնական Պաքուն Փարիզը «կեղծաւորութեան» մէջ մեղադրած է՝ պնդելով, որ Հայաստանին «մահացու զէնք մատակարարելը չի ծառայեր խաղաղութեան»:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի խօսնակ Այխան Հաճիզատէն X-ով հրապարակած գրառման մէջ անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման պնդած է․ «Անոր ստորագրումը եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնիլը կը պահանջեն Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացում եւ, մասնաւորապէս, Ֆրանսայի կողմէ արտաքին միջամտութեան դադրեցում, որ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի անկայունացման»:

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեամբ եւ ընդգծած, թէ յոյսով է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը կ’ընդլայնի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment