Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական համագումարի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած «Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները» թեմայով քննարկման ժամանակ բանավէճ ծագեցաւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց․ «Պաշտօնապէս ասում եմ՝ ՀՀ Սահմանադրութիւնը հանրային փաստաթուղթ է․ կարող էք ստուգել։ ՀՀ Սահմանադրութիւնում ոչինչ մի բան չկայ, որտեղ ասւում է, որ Ղարաբաղը Հայաստան է։ Հակառակը, մենք ունենք մտահոգութիւններ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան հետ կապուած։ Բայց ինչո՞ւ դա շարունակաբար չենք բարձրացնում, որովհետեւ հէնց այդ նոյն խաղաղութեան համաձայնագրի համաձայնեցուած բնագրում կայ կէտ, որի համաձայն՝ ոչ մի կողմը չի կարող յղում կատարել միւս երկրի ներքին օրէնսդրութեանը՝ դրանով փորձելով արդարացնել համաձայնագրի ստորագրման ձախողումը»։
Ճէյհուն Պայրամով արձագանգեց․ «Նախարար Միրզոյեան կ’ըսէ, որ ՀՀ-ի Սահմանադրութեան մէջ յղում չկայ Ատրպէյճանի տարածքին, բայց ես կ’ուզեմ ըսել՝ եկէք բառախաղ չընենք։ ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ յղում կը կատարուի Անկախութեան հռչակագրին, ուր կայ յղում Ատրպէյճանի տէ ֆաքթօ եւ տէ իւրէ տարածքի՝ Հայաստանի հետ վերամիաւորման մասին։ Շարք մը իրաւական արձանագրութիւններ եւ որոշումներ են ասոր վրայ հիմնուած՝ տանելով նոյն խօսոյթը։ Իրականութեան մէջ խաղաղութեան պայմանագիրը բազմաթիւ հարցերու կ’անդրադառնայ, բայց կապ չունի՝ ինչ կը ներառես խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ, խաղաղութեան համաձայնագիրը՝ որպէս միջազգային պարտաւորութիւն գերակշռութիւն պիտի ունենայ ներպետական օրէնսդրութեան վրայ, բայց ոչ Սահմանադրութեան վրայ, կամ այլ արձանագրութեան վրայ, որ հանրաքուէով ընդունուած է։ Եթէ մենք միայն խաղաղութեան համաձայնագրին վրայ կեդրոնանանք առանց Սահմանադրութեան հարցի լուծման, սա կը նշանակէ, որ առաջին իսկ օրէն խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ըլլայ զերօական, պիտի ըլլայ հակասութեան մէջ երկրի թիւ մէկ օրէնսդրական փաստաթուղթին հետ»։
Արարատ Միրզոյեանի՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան հետ կապուած հայկական կողմի մտահոգութիւններուն առիթով ալ ըսաւ․ «Ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ։ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը չի պարունակեր որեւէ աշխարհագրական անուն կամ տարածք ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ կը կարծեմ՝ հայկական կողմը անկէ տեղեակ է, հակառակ պաարգային անոնք անպայման այս հարցը կը բարձրացնէին։ Մենք չենք կրնար միջազգային համաձայնագրերու կողմ դառնալ, եթէ այդ պիտի հակասէ երկրի Սահմանադրութեան։ Չեմ հաւատար, որ մեր հայ գործընկերները անկեղծօրէն կը հաւատան, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը կը պարունակէ տարածքային պահանջ Հայաստանի հետ կապուած եւ միեւնոյն ժամանակ անոնք երբեք սա չեն բարձրացուցած նախապէս։ Սա տարօրինակ է, քանի որ եթէ դուն կը կարծես, որ նման խնդիր կայ, ուրեմն դուն կը ձեւացնես, թէ խաղաղութեան համաձայնագիր կը ստորագրես։ Որեւէ միջազգային համաձայնագիր չի կրնար լուծել այն խնդիրը, որ կայ Սահմանադրութեան հետ կապուած»։ Ճէյհուն Պայրամով նշեց՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ կապուած հարցը Ատրպէյճանի տեսակէտէն նոր նախապայման չէ, մենք երկու տարուայ ընթացքին սա կը բարձրացնենք։
Արարատ Միրզոյեան ի պատասխան ըսաւ՝ միայն մէկ մարմին գոյութիւն ունի, որ կրնայ ՀՀ Սահմանադրութեան հետ կապուած որոշում կայացնել․ ՀՀ ՍԴ-ն է ու նշեց․ «Իրաւական առումով, ի հարկէ, մեր Սահմանադրութեան նախաբանում կայ յղում Անկախութեան հռչակագրին, բայց իրաւական առումով Անկախութեան հռչակագրի միայն այն կէտերն ունեն իրաւական կարեւորութիւն եւ պարտադրողական են, որոնք մէջբերուած են ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ։ Այն նախադասութիւնը, որի մասին մեր ատրպէյճանական գործընկերները մտահոգութիւն ունեն, ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ մէջբերուած չէ։ Ուղղակի ընդհանուր յղում է կատարւում Անկախութեան հռչակագրին։ Իրաւական տեսանկիւնից միայն մէկ մարմին ունի ՀՀ Սահմանադրութեանը միջամտելու իրաւունք, եւ դա ՀՀ ՍԴ-ն է։ Նախորդ Սեպտեմբեր ՀՀ ՍԴ-ն տուեց եզրայանգում Սահմանազատման յանձնաժողովի հետ կապուած, որտեղ նշուած է, որ սահմանազատումը տեղի է ունենում Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ»։