Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կը Պնդէ՝ Պատրաստ Է Վաղն Իսկ Ունենալու Լիովին Կարգաւորուած Յարաբերութիւններ Թուրքիոյ Հետ. Ռուբինեան

Հայաստան Կը Պնդէ՝ Պատրաստ Է Վաղն Իսկ Ունենալու Լիովին Կարգաւորուած Յարաբերութիւններ Թուրքիոյ Հետ. Ռուբինեան

by MassisPost

Թուրքիոյ ներկայացուցիչին հետ քննարկած ենք կարգաւորման գործընթացը իր ամբողջ տարողութեամբ, այսինքն՝ այն բոլոր պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը, որ այս ընթացքին ձեռք բերած ենք:

Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան՝ անդրադառնալով իր եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հետ վերջին հանդիպման:

«Ինչպէս գիտէք, այդ պայմանաւորուածութիւնների մի մասն իրագործուած է, մի մասն իրագործուած չէ: Որոշ գործընթացներ կան Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման շուրջ, վերջերս Ստամբուլում հանդիպում է տեղի ունեցել տեխնիկական մասնագէտների հետ. այս էլ ենք քննարկել»,- ըսաւ Ռուբինեան:

Անդրադառնալով Մարգարայի անցակէտին՝ Ռուբինեան նշեց, որ այդ այն պայմանաւորուածութիւնն է, որու կատարման համար ՀՀ-ն իր ընելիքը ըրած է:

«Դա այն պայմանավորվածութիւններից մէկն է, որը մինչ այս պահը չի կատարուել եւ Հայաստանի մեղքով չէ, որ դա չի կատարուել, որովհետեւ, ինչպէս յիշում էք, Հայաստանը վերանորոգեց Մարգարայի անցակէտը, եւ ամէն ինչ պատրաստ է այդ պայմանաւորուածութիւնն իրագործելու համար, եւ սպասում ենք, որ Թուրքիան կատարի այդ պայմանաւորուածութիւնը»,- ըսաւ ան:

Ռուբինեան նաեւ նշեց, որ սահմանի բացման հարցով դեռ նորութիւն չկայ:

Այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիան կը շարունակէ՞ պնդել, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ, Ռուբինեան պատասխանեց.

«Ես կարող եմ ասել՝ ինչ է պնդում Հայաստանը: Հայաստանը պնդում է, որ Հայաստանը պատրաստ է հէնց վաղն ունենալ լիովին կարգաւորուած յարաբերութիւններ Թուրքիայի հետ՝ առանց որեւէ նախապայմանի, դրանից զատ էլ, ինչպէս գիտէք, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի բնագիրը համաձայնեցուած է: Մենք պատրաստ ենք օր առաջ ստորագրել այդ համաձայնագիրը, այսինքն՝ վարչապետը պատրաստ է դա անել: Մենք առաջարկել ենք Ատրպէյճանին սկսել խորհրդակցութիւններ դրա ստորագրման վայրի եւ ժամկէտի շուրջ»։

Ինչո՞ւ Ատրպէյճանը կը ձգձգէ Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, ինչո՞վ կը պայմանաւորէ զայն: Անդրադառնալով հարցին՝ Ռուբէն Ռուբինեան նկատեց.

«Ինձ թւում է՝ կարիք չկայ, ես ասեմ՝ ինչով եմ պայմանաւորւում դա, բոլորն էլ գիտեն, որ Ատրպէյճանն աշխարհի ամենակառուցողական երկիրը չէ։ Մեր դիրքորոշումը ես յայտնեցի, մնացածն արդէն Ատրպէյճանի դաշտում է»:

Յիշեցնենք՝ Ապրիլ 11-ին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըչը հանդիպում ունեցած են Անթալիայի դիւանագիտական համագումարի շրջանակներուն մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment