Եթէ որեւէ տեղեկութիւն ըլլայ, որ փոխկապակցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային իրավիճակին հետ, այդ տեղեկութեամբ կը կիսուինք հանրութեան հետ:
Կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ժամանակ այս մասին ըսաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ անդրադառնալով սահմանային իրավիճակին:
«Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան վերաբերեալ սպառնալիք տեսնենք, բնականաբար, հանրութեան հետ կը կիսուենք: Եթէ ունենանք որեւէ տեղեկութիւն, որը վերաբերում է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան սպառնալիքներին, բնականաբար, մենք կը կիսուենք հանրութեան հետ»,- ըսաւ ան:
ԱԽ քարտուղարը նաեւ յիշեցուց, որ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար տեղեկութիւն կը տրամադրէ հանրութեան, նաեւ կը հերքէ կեղծ լուրերը՝ սահմանային իրավիճակին հետ կապուած.
«ՀՀ առաջարկը շարունակում է մնալ սահմանային միջադէպերի հետաքննութեան մեխանիզմների ստեղծումը, եւ շարունակում ենք սրա մասին խօսել, աշխատել այդ ուղղութեամբ,