Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Նախկին Պատգամաւոր Արայիկ Գրիգորեանէն Բռնագանձել 15 Անշարժ Գոյք, Շուրջ 6 Միլիառ Դրամ

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Նախկին Պատգամաւոր Արայիկ Գրիգորեանէն Բռնագանձել 15 Անշարժ Գոյք, Շուրջ 6 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանը 2025 թուականի Ապրիլ 3-ին վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Արայիկ Գրիգորեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել՝

5 անշարժ գոյք՝ Երեւանի մէջ, 6 անշարժ գոյք՝ Ավշար գիւղին մէջ, 2 անշարժ գոյք՝ Ծաղկաձորի մէջ, 1 անշարժ գոյք՝ Սուրէնաւան գիւղին մէջ, 1 անշարժ գոյք՝ Արարատի մէջ.
1 կառուցապատման իրաւունք.
1 փոխադրամիջոց.
1 ընկերութեան մէջ մասնակցութիւն.
աւելի քանի 6 միլիառ 76 միլիոն դրամ:

Հակափտածութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:
Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ վառելանիւթի ներկրմամբ զբաղող սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան սեփականատէր Կամօ Մելքոնեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել՝

14 անշարժ գոյք, որմէ 10-ը՝ Երեւանի մէջ, 4-ը՝ մարզերուն մէջ
Երեւանի մէջ գտնուող 6 անշարժ գոյքի գնման իրաւունք
6 փոխադրամիջոց
4 ընկերութիւններու մէջ մասնակցութիւն
59 միլիոն 518 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի եկամուտի եւ միջոցներու մնացորդ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment