Ապրիլ 9-10-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները կը կատարեն համատեղ զօրավարժութիւն:
Հայաստանի ԶՈՒ ստորաբաժանումը զօրավարժութիւնը կը կատարէ Հայաստանի տարածքին մէջ, Իրանի ԶՈՒ ստորաբաժանումը՝ Իրանի տարածքին մէջ:
Զօրավարժութիւնը կ’ենթադրէ Հայաստան-Իրան պետական սահմանին տեղակայուած սահմանային անցակէտերու վրայ պայմանական ահաբեկչական խումբերու յարձակումը չէզոքացնելու գործողութիւններ: