2025-ի Մարտ 1-ի դրութեամբ Հայաստանէն մեկնած է 26.899 բռնի տեղահանուած արցախցի, վերադարձած՝ 15.642-ը: Այսինքն, 2023-ի Սեպտեմբերի բռնի տեղահանութենէն յետոյ այս տարուայ Մարտ 1-ի դրութեամբ Հայաստանէն հեռացած եւ (դեռ) չէ վերադարձած 11.257 արցախցի։ Տուեալները տրամադրած է Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը։
Հեռացող արցախցիներու աւելացման զուգահեռ կ’աւելնայ նաեւ վերադարձող արցախցիներու թիւը։ Վերջին ամիսներուն դրական որոշակի միտում կայ։
Այս Ապրիլէն բռնի տեղահանուած անձերու կեցութեան եւ այլ ծախսերու համար նախատեսուած 50.000 դրամ (40+10.000) աջակցութիւնը պիտի դառնայ 40.000 դրամ եւ պիտի տրամադրուի միայն առանձին խումբերու՝ 1-ին կամ 2-րդ խումբի հաշմանդամութիւն, 63+ տարեկաններ, կերակրողը կորսնցուցած եւ նպաստ կամ կենսաթոշակ ստացողներ, մինչեւ 18 տարեկան երեխաներ: Իսկ 2025-ի Յուլիս-Դեկտեմբեր ամսիները ներառեալ՝ աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի առանձին խումբերու շահառուներուն՝ արդէն 30.000 դրամի չափով։ Կը սպասուի, որ այս փոփոխութիւնները կրնայ յանգեցնել արցախցիներու արտագաղթի կշռոյթի աւելացման:
2023-ի Հոկտեմբեր 26-ին ՀՀ կառավարութիւնը ընդունեց որոշում, որով արցախցիներուն ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ կը վերցնէ եւ զանոնք օրէնքի ուժով կը ճանչնայ փախստական։
Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութենէն Յունուարին յայտնած էին, որ բռնի տեղահանուած է շուրջ 150.000 անձ եւ նշած էին, որ յստակ թիւ յայտնել հնարաւոր չէ: