Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մեր Քաղաքը» Դաշինքը Անհրաժեշտ Քանակութեամբ Քուէներ Պիտի Տայ Վարդան Ղուկասեանին. Մարտուն Գրիգորեան

«Մեր Քաղաքը» Դաշինքը Անհրաժեշտ Քանակութեամբ Քուէներ Պիտի Տայ Վարդան Ղուկասեանին. Մարտուն Գրիգորեան

by MassisPost

Խախտելով հինգօրեայ լռութիւնը՝ Կիւմրիի արտահերթ ընտրութիւններուն երրորդ տեղը զբաղեցուցած Մարտուն Գրիգորեան ֆէյսպուքեան էջով յայտարարեց՝ իր առաջնորդած «Մեր քաղաքը» դաշինքը անհրաժեշտ քանակութեամբ քուէներ պիտի տայ Կոմկուսի թեկնածու վարդան Ղուկասեանին, որպէսզի վերջինս քաղաքապետ ընտրուի:

Աւագանիի առաջին նիստին Ղուկասեանին քաղաքապետ ընտրուելու համար առնուազն 17 ձայն պէտք է, հաշուի առնելով ընդդիմադիր միւս երկու ուժերուն աջակցութիւնը՝ Կիւմրիի նախկին քաղաքապետին եւս չորս ձայն կը պակսէր, որոնք ալ փաստացի պիտի ապահովէ Մարտուն Գրիգորեանի դաշինքը:

Ղուկասեանի հետ վաղեմի հակամարտութիւն ունեցող Գրիգորեան կ’ընդգծէ, թէ այդ կ’ընէ՝ «առանց որեւէ պաշտօնի, ակնկալիքի ու որեւէ պայմանաւորուածութեան»: Կը շեշտէ, որ այս որոշումը իր համար ծանր եղած է ու դժուարութեամբ եկած է այդ որոշման:

«Քարոզարշաւի ընթացքում ես բացայայտ ասել եմ եւ միակն եմ եղել, որ խօսել եմ ինչ է լինելու ընտրութիւններից յետոյ, եթէ քաղաքապետ ընտրուի Վարդան Ղուկասեանը։ Մնում եմ նոյն համոզմունքին, որ նա ամենախոցելի թեկնածուն է՝ քրէական գործերով պայմանաւորուած։ Թէ ի՞նչ կը լինի յետոյ ու ինչպէս կը վարուեն տուեալ մարդու հետ՝ լաւ յիշէք այս օրը։ Կիւմրին կը տանե՞ն Վանաձորի ճանապարհով, թէ ոչ, տա Աստուած, որ սխալուած լինեմ»,- ընդգծած է ան։

Գրիգորեան նաեւ կը նշէ, որ այս վտանգներուն մասին զգուշացուցած է Ղուկասեանին աջակցող միւս ընդդիմադիր թեկնածուներ՝ Ռուբեն Մխիթարեանին ու Կարէն Սիմոնեանին։ Ընդդիմադիր պատգամաւորը նաեւ կը քննադատէ զանոնք՝ նշելով, որ Ղուկասեանին սատարելու մասին իրենց շտապողականութեամբ անհնարին դարձուցին այլընտրանքային ու աւելի քիչ խոցելի տարբերակ գտնելու ճանապարհը, իրեն ալ ստիպեցին կայացնել որոշում մը, որուն սկզբունքօրէն դէմ է:

«Իմ դիրքորոշմամբ, օրինակ՝ Ռուբէնին կամ Կարէնին կարող էինք ընտրել քաղաքապետ՝ 4 թեկնածուներիս համատեղ քննարկման եւ համագործակցութեան արդիւքնում։ Եւ սա կը դառնար ամբողջական իշխանական համակարգի փլուզման իրական մեկնարկը։ Իրենց որոշումով պայմանաւորուած ունենք այս իրավիճակը, որի մասին խօսելն էլի ուշ չէ»,- նշած է Մարտուն Գրիգորեան։

Այսքանով հանդերձ Գրիգորեան նաեւ կը շեշտէ, որ իր կայացուցած ծանր որոշման արդիւնքով ՔՊ-ն Կիւմրիի մէջ այլեւս իշխանութիւն չէ, նաեւ կը զգուշացնէ՝ այսուհետ եւս Կիւմրիի մէջ՝ «ամէն ինչ կախուած պիտի ըլլայ «Մեր քաղաքը» դաշինքի քուէարկութենէն»:

Արձագանգելով Մարտուն Գրիգորեանի յայտարարութեան՝ ՔՊ կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ, ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեան նշած է. «Կիւմրիում տառացիօրէն կատարուեց այն, ինչի մասին մենք զգուշացնում էինք. Ռուբէն Մխիթարեանը, Կարէն Սիմոնեանը եւ ի հարկէ Մարտուն Գրիգորեանը մարդկանց խաբելով ձայներ հաւաքեցին եւ դրանք տուին Վարդան Ղուկասեանին։

Ու սա այն պարագային, երբ Մարտուն Գրիգորեան առանց ամչնալու կը կանգնէր ու այս բեմագիրրը նկարագրողներս ստախօսութեան մէջ կը մեղադրէր, ինքզինք ալ կը ներկայացնէր որպէս քաղաքը «Վարդան Ղուկասեան-ՔՊ տանդեմէն» պաշտպանող սամուրայ մը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment