Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանի՝ Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Հետ Սահմաններու Բացումը Պիտի Փոխէ Խաղին Կանոնները»․ Վոն Տեր Լայեն

«Հայաստանի՝ Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Հետ Սահմաններու Բացումը Պիտի Փոխէ Խաղին Կանոնները»․ Վոն Տեր Լայեն

by MassisPost

Եւրոնաձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա վոն տեր Լայեն յոյս ունի, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացումը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ համագործութեան համար։ Եւրոմիութեան գործադիր իշխանութեան ղեկավարը այս մասին խօսած է Ուզպեքիստանի Սամարղանդ քաղաքին մէջ ընթացող ԵՄ-ի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու առաջին գագաթաժողովի ընթացքին։

«Սեւ ծով հասնելու համար կարեւոր է նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներու հետ սահուն սահմանը: Երեք տասնամեակ փակ Հայաստանի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու բացումը պիտի փոխէ խաղին կանոնները։ Ատիկա Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան պիտի մօտեցնէ աւելի, քան երբեւէ»,- յայտնած է Ուրսուլա վոն տեր Լայեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment