Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Իսկապէս Անշրջելի Իրողութիւն Կը Դառնայ. Աւանեսեան՝ Կիւմրիի Ընտրութիւններուն Մասին

Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Իսկապէս Անշրջելի Իրողութիւն Կը Դառնայ. Աւանեսեան՝ Կիւմրիի Ընտրութիւններուն Մասին

by MassisPost

Հայաստանին մէջ ժողովրդավարութիւնը իսկապէս կ’արմատանայ եւ անշրջելի իրողութիւն կը դառնայ:

Կառավարության նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը՝ անդրադառնալով Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներուն:

«Մենք աւելի շատ ձայն ունենք հաւաքած 2021 թուականի համեմատութեամբ, բայց այս արդիւնքները մեզ չեն գոհացնում: Վստահաբար, ՔՊ-ն, մանրամասն վերլուծելով ընթացքը, արդիւնքները եւ որոշակի հետեւութիւններ անելով, կը պատրաստուի յաջորդ ընտրութիւններին»,- նշեց նախարարը:

Խօսելով յաջորդ տարի սպասուող քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին՝ Աւանեսեան ընդգծեց՝ չի կարծեր, որ 2026-ին պիտի փոխուի իշխանութիւնը:

«Ինձ վստահեցնում է այն, որ մեր կառավարութիւնն իրագործում է տուած խոստումները, եւ մեր քաղաքացիների կեանքը դէպի բարելաւում է տանում: Միանշանակ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը յաւակնում է 2026 թուականին եւս իշխանութեան գալ»,- եզրափակեց նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment