Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Մերժումը Ինքնին Այլընտրանք Չէ

Խաղաղութեան Մերժումը Ինքնին Այլընտրանք Չէ

by MassisPost

Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերջերս յայտարարեցին, որ համաձայնութեան եկած են տարիներէ ի վեր քննարկուող` խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ: Ըստ երեւոյթին պայմանագրի բոլոր կէտերուն շուրջ համաձայնութիւնը բաւարար չէ Պաքուի համար ու ան չաճապարեր իր վերջնական ստորագրութիւնը դնելու փաստաթուղթին տակ: Սակայն կայ միջազգային բաւական մեծ ճնշում, որպէսզի Ալիեւի իշխանութիւնը վերջ տայ իր խաղերուն ու սկսի կատարել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Հայաստանի ընդդիմադրութիւնը եւս կը մերժէ ընդունիլ համաձայնուած պայմանագիրը, զայն որակելով «կեղծ խաղաղութիւն»:

Խաղաղութեան բացակայութեամբ կայ երկու այլընտրանք, որոնք երկուքն ալ նպաստաւոր չեն Հայաստանի համար: Առաջինը Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ նոր պատերազմն է, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքին» տիրանալու նպատակով: Այս մէկը քիչ հաւանական է եւ Ատրպէյճանի համար կը պարունակէ բաւական մեծ վտանգներ:

Աւելի հաւանական է «ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» իրավիճակը, որ կրնայ տեւել երկար տարիներ` Հայաստանէն խլելով նիւթական ու տնտեսական մեծ ներուժ: Ներկայիս Հայաստան բանակի արդիականացման ու պաշտպանական կարողութիւններու հզօրացման համար կը ծախսէ մօտ 1.7 միլիառ տոլար` քայլ պահելու համար ատրպէյճանական կողմի կրկնակի կամ երրակի ծախսերուն դիմաց: Ներկայ վիճակի շարունակութեան պարագային Հայաստանի ռազմական ծախսերը պիտի շարունակեն աճիլ` պիւտճէի մէկ կարեւոր մասը յատկացնելով այդ նպատակին: Նմանապէս Հայաստան պիտի շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ` զրկուելով տարածաշրջանային տնտեսական ծրագիրներուն մաս կազմելու կարելութենէն: Վերջնական խաղաղութիւնը Հայաստանի կրնայ տալ առիթ` զարգացնելու իր տնտեսութիւնը, ռազմական ծախսերու մէկ մասը յատկացնելու իր ժողովուրդի բարօրութեան եւ հասարակութեան մօտ ապահովելու երկրի ապագային նկատմամբ վստահութիւնը:

2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընտրողներուն խոստացաւ ձգտիլ խաղաղութեան ու ան մնաց հաւատարիմ իր այդ խոստումին, հակառակ ատրպէյճանական կողմի ստեղծած բոլոր խոչընդոտներուն, ներառեալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ ոտնձգութիւններուն, Արցախի շրջափակման եւ ապա Հայաթափման:

Ընդդիմադրութիւնը իրաւունք ունի քննադատելու իշխանութիւններուն` խաղաղութեան ուղղուած քայլերը, սակայն միաժամանակ պէտք է անկեղծ գտնուի ու ներկայացնէ իր այլընտրանքային առաջարկները: Սակայն, մինչեւ այս պահը, բացի մերժումէն, անոնք չունին այդ հարցի պատասխանը:

Յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական հերթական ընտրութիւնները, որուն ընթացքին կը սպասուի սուր պայքար իշխող ուժին, ներկայ ընդդիմադրութեան եւ հրապարակ եկող նոր խմբաւորումներուն միջեւ: Բոլորն ալ պարտաւոր են ժողովուրդին ներկայացնելու իրենց ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները: Պէտք է քաջութիւնը ունենալ ու բաց դէմքով ժողովուրդի ըսել, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան ապագայ ընթացքը: Եթէ Քոչարեանի ու Սարգսեանի կողմնակիցներուն նպատակը ռազմական միջոցներով Ատրպէյճանին զիջումներ պարտադրելն է եւ կամ Արցախը ազատագրելն է, ապա այդ յստակ պէտք է ըսեն, որպէսի ընտրողները կարողանան կողմնորոշուիլ:

Ընդդիմութեան կողմէ Խաղաղութեան պայմանագրի մերժումը ինքնին այլընտրանք չէ: Անոր պէտք է յաջորդեն քայլերու հերթականութեան յստակեցում:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment