Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին «X»-ի իր էջով լուսանկար հրապարակած է՝ յայտնելով, որ այցելած է Սիւնիքի մարզ։
«Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ կը զարգացնենք Ֆրանսայի հետ բարեկամութիւնը եւ ֆրանսերէնի հանդէպ սէրը։ Ընկերական այց կատարեցի քաղաքին մէջ գտնուող շատ աշխոյժ Ֆրանքոֆոնի մշակութային կեդրոն»,- գրած է ան։
Աւելի վաղ դեսպանը X-ի էջով գրած էր․ «Կը սկսիմ բարեկամութեան, համերաշխութեան եւ աջակցութեան այց Սիւնիքի մարզ։ Սիւնիքը Հայաստանի տարածքի անքակտելի մասն է: Մարզի բնակիչները իրաւունք ունեն ապրելու խաղաղ՝ առանց մտահոգութեան եւ սպառնալիքներու»։